Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անկախութեան Պահպանումը Մեր Բոլորին Պատասխանատուութիւնն Է, Եւ Զայն Պաշտպանելու Համար Պէտք Է Ամրապնդենք Մեր Միասնականութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

November 22, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան լիբանանցիներուն ուղղեց անկախութեան պատգամը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան իր անկախութեան 75 տարիներուն ընթացքին ենթարկուած է այնպիսի հարուածներու, որոնք կրնային պատճառ դառնալ երկրին անհետացումին, բայց եւ այնպէս ան կրցաւ ապրիլ յատկանշական օրեր եւ կերտել անմոռանալի պատմութիւն:

«Լիբանան 75 տարիէ ի վեր իր անկախութիւնը կը տօնէ, սակայն անկախութիւնը լոկ տօնակատարութիւն մը չէ, որուն ընթացքին կը տօնենք եւ կ՛ուրախանանք, այլ` անիկա անկախ ըլլալու զգացումն է, որ կը նշանակէ ազգային գերիշխանութիւն եւ ինքնորոշում ունենալ: Երկրի մը անկախ ըլլալու յատկանիշը նաեւ այն է, որ այդ երկիրը մերժելու` «Ոչ» ըսելու կարողութիւնը ունենայ: Ո՛վ լիբանանցի ժողովուրդ, քու ազատ որոշումիդ գինը սուղ վճարեցիր», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն միշտ յիշելու, որ արտաքին տարրերու միջամտութիւնը պատճառ կը դառնայ ազգային ինքնուրոյն որոշումի իրաւունքը կորսնցնելու, որուն պատճառով անկախութեան էութիւնը կը կորսուի եւ ազգային գերիշխանութիւնը վտանգի կ՛ենթարկուի:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ տարակարծութիւնները հայրենիքին շուրջ պէտք չէ ըլլան, այլ` քաղաքականութեան: «Այսօրուան իմ կոչս` բոլոր պատասխանատուներուն եւ ազգային բոլոր ուժերու ու հոսանքներու պետերուն, ինչպէս նաեւ յարանուանութիւններուն, պիտի ըլլայ այն, որ վերջ տանք տարակարծութիւններուն եւ բանավէճին, ու կառչած մնանք լիբանանցիներուն հանդէպ մեր ազգային պատասխանատուութեան: Լիբանանցին արդէն իսկ յոգնած է ու զզուած պատասխանատուներուն անտարբերութենէն, իսկ մեր պարտականութիւնն է ապագային կապուած անոր մտահոգութիւնները փարատել եւ աշխատանքի նախաձեռնել Լիբանանի տնտեսական, ընկերային եւ բարոյական մարզերը փրկելու նպատակով», շեշտեց ան:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան այսօր կ՛ապրի կառավարութեան կազմութեան տագնապ մը, որ նորութիւն կամ իւրայատկութիւն չունի, որովհետեւ նախապէս երկիրը նման տագնապներ կրցած է շրջանցել: Ան աւելցուց, որ կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող այդ թնճուկը ճիշդ է, որ կարելի պիտի ըլլայ լուծել, սակայն ժամանակի կորուստն է, որ ամէնէն սուղն է, որովհետեւ անիկա ուղղակիօրէն կ՛ազդէ երկրին արդիւնաբերական կարողութիւններուն վրայ:

Հանրապետութեան նախագահը նկատել տուաւ, որ նախապէս առաջնահերթութիւնը երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու շրջագիծին մէջ կ՛իյնար, սակայն այսօր ատոր իրականանալէն ետք, պէտք է աշխատանք տարուի երկրին տնտեսական ծանր պայմանները թեթեւցնելու ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ այլեւս կարելի չէ ժամանակաւոր լուծումներով բաւարարուիլ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ անկախութեան պահպանումը մեր բոլորին պատասխանատուութիւնն է, եւ զայն պաշտպանելու համար պէտք է ամրապնդել լիբանանեան միասնականութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը, որոնց ներկայացուցած մարդկային եւ ընկերային արժէքներու շրջագիծը շատ աւելի զօրաւոր է երկրին օրէնքներէն: «Այդ արժէքներն են, որոնք մեզ կը միացնեն, եւ միշտ յիշեցէ՛ք, որ լիբանանեան ներքին հարցերուն արտաքին տարրերու միջամուխ դառնալուն պատճառով է, որ մենք մեր ազատ ինքնորոշումը կը կորսնցնենք: Այդպիսով, անկախութեան էութիւնը կը ցնդի եւ Լիբանանի գերիշխանութիւնը վտանգի կ՛ենթարկուի: Մի՛շտ յիշեցէք, որ հայրենիքին անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը պէտք է դուրս մնան իշխանամէտ կամ ընդդիմադիր ըլլալու իրականութենէն, կամ իշխանութեան շուրջ մղուած պայքարէն ու մրցակցութենէն», հաստատեց ան:

Նախագահ Աուն դիտել տուաւ, որ տարակարծութիւնները հայրենիքին շուրջ պէտք չէ ըլլան, այլ` քաղաքականութեան` աւելցնելով, որ երբ այդ տարակարծութիւնները հայրենիքին եւ անոր գերագոյն շահերուն չեն սպառնար, ուրեմն անոնք ընդունելի կ՛ըլլան: «Պիտի ջանանք նաեւ մեր երկիրը բարոյապէս փրկել, որովհետեւ տեղեկատուութեան մարզին եւ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն իրարու հասցէին արձանագրուած ցեխարձակումները թունաւոր նիզակներու կը նմանին եւ ցոյց կու տան, թէ բարոյական ի՛նչ ստոր մակարդակի հասած է կացութիւնը: Մարդկայնութիւնը, որ միշտ մեր ժողովուրդին առանձնայատկութիւնը եղած է, բաւական անկում արձանագրած է, եւ այդպիսով կարելի չէ հայրենիքը փրկել», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ երկիրներուն եւ պետութիւններուն կարողութիւնները միայն զինուորական կարողութիւններով չէ որ կը չափուին, այլեւ անոնց իսկական տնտեսութեամբ, արձանագրուած մնայուն եւ հետեւողական աճով, բարգաւաճումով եւ արդիականացումով: «Անկախութիւնը չ՛ամբողջանար, իսկ ազգային գերիշխանութիւնը ինքզինք չի պարտադրեր, բացի երբ երկրի մը տնտեսութիւնը ազատ ըլլայ եւ վերածուի արդիւնաբեր տնտեսութեան: Վայ այն ժողովուրդին, որ իր հիւսած հագուստը չի հագուիր, ցանածը չի ճաշակեր եւ իր քամածը չի խմեր», նշեց նախագահ Աուն:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանը փոքր է իր տարածութեամբ, սակայն մեծ է իր կարողութիւններով: «Այդ կարողութիւններուն ճշգրիտ կերպով օգտագործումը կ՛ենթադրէ երկրին ազգային տնտեսութեան նկատմամբ լուրջ մօտեցում ցուցաբերել, ինչպէս նաեւ արդիւնաբերութեան արդի հայեացք ուղղել: Այս առումով, պիտի չարտօնենք, որ Լիբանան շարունակէ իր ցաւէն կոտտալ, ինչպէս նաեւ պիտի չթուլնանք փտածութեան եւ փտածներուն դէմ մեր մղելիք պայքարին մէջ: Մենք կառչած պիտի մնանք բարեկարգումի մեր խոստումներուն գործադրութեան, բարգաւաճման իրականացումին եւ երիտասարդներուն աշխատանք տրամադրելուն», յայտնեց ան:

Նախագահ Աուն խոստացաւ անձամբ եւ իր բոլոր կարողութիւններով գործակցիլ խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հետ, որպէսզի երկրին տնտեսական օղակը շարժի եւ յառաջխաղացք արձանագրէ, ինչպէս նաեւ մսխումի դռները փակուին, եւ երկրին ենթակառոյցն ու ծառայութիւնները բարելաւուին` հոգալ կարենալու համար քաղաքացիին տարրական իրաւունքները:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց պահպանելու իսկական անկախութիւնը եւ կառչած մնալու անոր, որովհետեւ անիկա երկրին կայունութեան, ապահովութեան, ազատութեան, խաղաղութեան ու բարգաւաճման հիմնաքարն է:

Նախորդը

Եարզէի Մէջ . Անկախութեան 75-ամեակին Նուիրուած Յուշակոթողի Բացման Արարողութիւն` Ներկայութեամբ Իշխանութեան Երեք Պետերուն

Յաջորդը

ՀՅԴ Նախընտրական Կարգախօսն Ու Տարբերանշանը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.