ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ կոչ ուղղեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին` ճանչնալու այլոց գոյութիւնը, յատկապէս երբ ուրիշներ եւս հանգամանք եւ կշիռ կը ներկայանցնեն:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի կոչ ուղղեց բոլորին Լիբանանի դիմագրաւած այս ներկայ զգայուն փուլը իմաստութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ շրջանցելու` հեռու մնալով յուսալքումի քաղաքականութենէն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ բոլորը զիրենք կը մեղադրեն, որովհետեւ անոնք կը պաշտպանեն կառավարութեան մէջ ներկայացուելու իմաստով անկախ սիւննի երեսփոխաններուն իրաւունքը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ համաձայնութիւնը անհրաժեշտ է, ինչքան ալ լեղի ըլլայ ան, որովհետեւ անիկա է Լիբանանը փուլ գալէ փրկելու միակ ձեւը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի կառավարութեան կազմութիւնը արգելակել, որովհետեւ Իրան այդպէս կը փափաքի:
ԼԻԲԱՆԱՆ-Ֆրանսա բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբին հրաւէրին ընդառաջելու շրջագիծին մէջ, երէկ երեսփոխանական պատուիրակութիւն մը պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Փարիզ: Պատուիրակութիւնը գլխաւորեց երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, անոր մաս կազմեցին նախարարներ Մարուան Համատէ եւ Փիեռ Ապու Ասի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Միշել Մուսա, Ալի Պեզզի եւ Ռուլա Թապըշ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ շեշտեց, թէ իրենք լիայոյս են, որ Լիբանանի մէջ պիտի կարենան հասնիլ ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան կերտումին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր կոչ ուղղեց վաղը առաւօտեան կազմելու երկրին կառավարութիւնը, որովհետեւ Լիբանան կարիքը ունի բոլորին ճիգերուն` գոյատեւել կարենալու համար:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը վարչապետին մօտ կը գտնուի` աւելցնելով, որ եթէ ան կը մերժէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքը լուծել, ապա ատիկա իր պատասխանատուութիւնն է:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի հետ: Քննարկելէ ետք տեղական, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները` Մախզումի կոչ ուղղեց Ռիչըրտին շարունակելու Լիբանանի ապահովական կայունութեան հանդէպ Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ շեշտեց, որ Լիբանանի պետական գանձարկղի նիւթական բացը ամէն առաւօտ 16 միլիոն տոլարով կը բարձրանայ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ կոչ ուղղեց երթեւեկի յատուկ օրէնքները գործադրելու, որպէսզի լիբանանցի երիտասարդները կարելի ըլլայ կորուստէ փրկել:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կը գտնուի շատ դժուար կացութեան մը դիմաց` աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքին մաս կազմող ոչ մէկ պետութիւն օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ` տեղահանուածներու հարցի լուծման թղթածրարին առումով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի զօրակցութիւն յայտնեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին` Հըզպալլայի ծրագիրին եւ կառավարութեան կազմութեան իմաստով անոր պարտադրած նախապայմաններուն դէմ պայքարին իմաստով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան տագնապը կը բարդանայ, որովհետեւ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը մերժէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները տեսնել:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի զզուած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կողմէ Հըզպալլայի փափաքներուն ընդառաջելու իրականութենէն, ատիկա նկատելով ետքայլ մը` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ համագործակցութեան առումով: Նոյն օրաթերթին համաձայն, նախագահ Աուն կը զգայ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտելով իր իշխանութիւնը կը կաշկանդեն:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ»-ի համաձայն, Հըզպալլա բնաւ չի մտածեր վարչապետ Սաատ Հարիրիի փոխարէն այլ վարչապետի մասին:


