Նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի սպանութեան ԺԲ. տարելիցին առիթով, երէկ Պիքֆայայի Մար Մըխայէլ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան նահատակ նախարարին ընտանիքը, մեծ թիւով երեսփոխաններ` ներկայ եւ նախկին, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու հոծ բազմութիւն մը:
Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ Փիեռ Ժեմայէլ Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան եւ պատգամ ըլլալու իրողութեան բուռն պաշտպանն էր` աւելցնելով, որ ան միշտ պայքարեցաւ Լիբանանի գերիշխանութեան ի խնդիր, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն:
Փիեռ Ժեմայէլի դերակատարութիւնը մեծ էր Լիբանանին սպառնացող վտանգներուն դէմ պայքարին մէջ:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի նկատմամբ յոյսն ու վստահութիւնը վերահաստատելու համար պէտք է անդրադառնալ, որ Մարտ 14-ի համախմբումը քայքայելով մենք մեղք մը գործած ենք: «Եթէ միասնական մնայինք, ապա պիտի կարենայինք դիմադրել այն չարիքներուն դէմ, որոնք այսօր կը սպառնան Լիբանանի գերիշխանութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս իմաստով բոլորը կը վկայեն լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու առումով Փիեռ Ժեմայէլի ունեցած դերակատարութեան:
Լիբանանի դիմագրաւած կառավարութեան կազմութեան ներկայ տագնապը Ամին Ժեմայէլ նկատեց ամօթալի եւ կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն վերադառնալու իրենց խղճին ու անոր հիման վրայ մեղմացնելու տիրող սուր մթնոլորտը:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատասխանատուներն ու նահատակ նախարարին ընտանիքը ծաղկեպսակ մը զետեղեցին անոր շիրիմին:
Նշենք, որ Փիեռ Ժեմայէլի սպանութեան ԺԲ. տարելիցին առիթով վարչապետ Սաատ Հարիրի գրառումով մը հաստատած էր, որ նահատակ Փիեռ Ժեմայէլ իրեն համար եղբօր նման մօտիկ բարեկամ էր` աւելցնելով, որ նախքան քաղաքական ասպարէզ մուտք գործելը, իրենք ընկերներ եղած են: «Փիեռ բոլորին կողմէ սիրուած էր եւ հսկայ ներուժ ունեցող ու ապագայ խոստացող երիտասարդ մըն էր», գրեց ան:
Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ Փիեռ Ժեմայէլի սպանութիւնը հսկայ կորուստ մըն էր Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար` նշելով, որ ինք կորսնցուցած է եղբայր մը, որուն հետ կը խորհրդակցէր շատ մը հարցերու պարագային: «Լիբանանցիները ամէն իմաստով մարդ մը կորսնցուցին», հաստատեց Հարիրի` ցաւակցութիւն յայտնելով անոր ընտանիքին եւ լիբանանցիներուն:
Հարիրի եզրափակեց իր գրութիւնը` հաստատելով, որ Փիեռ Ժեմայէլի յիշատակը անթառամ պիտի մնայ, որովհետեւ ան անկեղծ էր իր գործունէութեան մէջ:
Իր կարգին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընկերային ցանցին ընդմէջէն կատարեց գրառում մը, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Հարիրիին: «Թող մեր նահատակներուն յիշատակը գոյատեւելու եւ պայքարելու մղիչ ուժ ըլլայ մեզի համար, եւ յոյսով ու կարողութեամբ զինուինք` մեր զաւակներուն համար աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու համար», գրեց Սամի Ժեմայէլ:



