Խորհրդակցական հանդիպումի անդամ երեսփոխանները երէկ Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատի բնակարանին մէջ հանդիպում մը ունեցան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպ:
Անկախ սիւննի երեսփոխանները Պասիլէն տեղեկացան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ջանքերուն մասին` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնելու նպատակով:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ ինք մէկ շաբաթէ ի վեր խնդրած է այս հանդիպումը` աւելցնելով, որ անկախ սիւննի երեսփոխաններ Ապտել Ռահիմ Մըրատի, Ֆայսալ Քարամէի, Քասեմ Հաշեմի, Ուալիտ Սըքքարիէի, Ժիհատ Սամատի եւ Ատնան Թրապուլսիի հետ խորհրդակցութիւնները կարեւոր են:
Պասիլ նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին ինք իր դիտողութիւնները կատարած է, ինչպէս նաեւ լսած է Խորհրդակցական հանդիպումին դիտողութիւնները:
«Պէտք է ընդունիլ, որ սիւննի համայնքին մէջ կայ քաղաքական եւ ժողովրդային փոքրամասնութիւն մը, որ կը ներկայացնէ այս հանդիպումը, իսկ կառավարութեան կազմութեան իմաստով պէտք է չափանիշները ճշգրիտ ըլլան եւ յարգուին: Հետեւաբար ես բոլոր լիբանանցիներուն ներկայութեան կը պահանջեմ խնդրոյ առարկայ կողմերէն, այսինքն` վարչապետ Սաատ Հարիրիէն եւ անկախ սիւննի երեսփոխաններէն, իրարու հետ լուծել այս հարցը եւ առիթ տալ կառավարութեան կազմութեան: Հարցը այս երկու կողմերուն միջեւ է, ուրեմն անոնք պէտք է ուղղակի հանդիպում մը ունենան` յստակացնելու համար իրենց գաղափարները եւ լուծելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող հարցը», ըսաւ Պասիլ:
Ան աւելցուց, որ ինք յանձնառու կը մնայ նաեւ հանրապետութեան նախագահին անկողմնակալութեան` հաստատելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն սիւննի նախարարի իմաստով հարց չունի ո՛չ վարչապետին եւ ո՛չ ալ Խորհրդակցական հանդիպումին հետ: «Ատիկա փաստելու համար կը շեշտենք, որ նախագահ Աուն ոչ մէկ հարց ունի, որ քրիստոնեայ նախարարը իրենց վերադառնայ, իսկ սիւննի նախարարը` վարչապետին: Այսպիսով հաւանաբար կարելի կ՛ըլլայ հարցին լուծման օժանդակել», ըսաւ Պասիլ:
Իր կարգին, Մըրատ նշեց, որ Պասիլի հետ իբրեւ միջնորդ հանդիպումէն իրենք գոհ մնացած են եւ կ՛ողջունեն նախագահ Աունը, որ գործուղած է Պասիլը, որ մեծ ջանքեր ի գործ կը դնէ եւ առարկայական ձեւով կը փորձէ կատարել իր դերակատարութիւնը:
Մըրատ նշեց, որ իրենք հասկացողութիւն ցուցաբերած են եւ կարգ մը միտքեր առաջարկած` աւելցնելով, որ այլ հանդիպումներ ալ պիտի կատարուին:
«Պահանջուածը զիջումն է, նախագահ Աուն զիջած է, մեզմէ ալ զիջում կը պահանջուի, սակայն մենք վեց երեսփոխան կը հաշուենք եւ մէկ նախարար ունինք. այդ իրաւունքէ՞ն ալ զիջինք: Ես իբրեւ անհատ չեմ կրնար որոշել, մենք հաւաքաբար պիտի խորհրդակցինք եւ կարելի լուծումները սերտենք: Ի դէպ, Պասիլին ըսինք, թէ մենք կառչած կը մնանք վեց երեսփոխաններէն մէկուն նախարար նշանակումին», ըսաւ Մըրատ:



