Լիբանանեան

Լիբանանի Խմբագիրներու  Սենտիքայի Ընտրութիւն

Լիբանանի Խմբագիրներու Սենտիքայի Ընտրութիւն

Հինգշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2018-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի խմբագիրներու սենտիքայի ընտրութիւն, որուն մասնակցեցան երկու ընտրացանկեր «Ազատ որոշում» ընտրացանկ եւ «Սենտիքայական միասնականութիւն» ընտրացանկ: «Ազատ որոշում» ընտրացանկին կը նախագահէր սենտիքայի ներկայ նախագահ Էլիաս Աուն, իսկ  «Սենտիքայական միասնականութիւն» ընտրացանկին` Ժոզեֆ Քըսսայֆի: «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00 տեղի ունեցած ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը եղաւ աննախընթաց: Քուէարկելու իրաւունք ունեցող 727 անդամներէն 578-ն...

Իսրայէլ Կը Յայտնէ, Թէ Բացայայտած Է Այլ Գետնափոր Փապուղի Մը Եւս

Իսրայէլի կառավարութեան բանբեր Ովիր Կինտըլման շեշտեց, որ «Հիւսիսի վահան» գործողութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ Հըզպալլայի գետնափոր փապուղիներուն ամբողջական քանդումը: Մինչ Կինտըլման այս յայտարարութիւնը կը կատարէր, իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ արեւմտեան Գալիլիոյ մէջ բացայայտած է նոր գետնափոր փապուղի մը եւ հաստատած, թէ այդ փապուղիները Իսրայէլի եւ անոր քաղաքացիներուն ապահովութեան կը սպառնան: Իսրայէլեան բանակը շեշտեց, որ «գետնափոր փապուղիներուն նպատակն է երկրին հիւսիսային սահմաններէն...

Պասիլ Արսլանի Հետ Քննարկեց Երկիրը Յուզող Քաղաքական Հարցերը

Պասիլ Արսլանի Հետ Քննարկեց Երկիրը Յուզող Քաղաքական Հարցերը

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Միրնա Շալուհիի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող շարք մը հարցեր: Հանդիպումէն ետք Արսլան շեշտեց, որ Ժահիլիայի մէջ պատահածը յարձակում էր եւ ոչ թէ դատավարութեան ներկայանալու հրաւէրի յանձնում: Արսլան ընդգծեց, որ Լեռնալիբանանի որեւէ շրջանի մէջ նման արարքներ խիստ մերժելի...

Արիտի. «Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Հաւանական Պատերազմը Հըզպալլայի Յաղթանակը Պիտի Ըլլայ, Նոյնիսկ Եթէ Ան Քանդէ Լիբանանը»

Արիտի. «Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Հաւանական Պատերազմը Հըզպալլայի Յաղթանակը Պիտի Ըլլայ, Նոյնիսկ Եթէ Ան Քանդէ Լիբանանը»

Նախկին նախարար Ղազի Արիտի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով գետնափոր փապուղիի բացայայտումի իսրայէլեան քայլերուն յայտնեց, որ Իսրայէլի կատարածը պարզապէս Լիբանանի վրայ բանեցուած ամերիկեան-իսրայէլեան ճնշում է: Ան լուսարձակի տակ առաւ նախորդ տարիներուն Իսրայէլի գործած բոլոր ոտնձգութիւնները եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի խախտումները: Արիտի շեշտեց, որ այս զարգացումները պէտք չէ պատճառ ըլլան Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծելու: Արիտի նաեւ նշեց, որ Իսրայէլ Լիբանանի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ պէտք է կառավարութեան կազմութիւնը արագացնել` ընդգծելով, որ այս յայտարարութիւնը կատարելէն արդէն իրենց կոկորդը ցաւած է: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախարար զօր. Միշել Սլէյման անհրաժեշտ նկատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին նկատմամբ յարգանքն ու գործադրութիւնը: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց բոլորին գրաւ չդնելու լիբանանցիին համբերութեան վրայ, որովհետեւ...

ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Կը Հաստատեն Գետնափոր Փապուղիի Գոյութիւնը

ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Կը Հաստատեն Գետնափոր Փապուղիի Գոյութիւնը

Իսրայէլ ուղղուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պատուիրակութիւնը երէկ գիշեր հաստատեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բաժնող Կապոյտ գիծին կից գետնափոր փապուղիի մը գոյութիւնը: Միջազգային խաղաղապահ ուժերուն համաձայն, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ թեքնիք յանձնախումբի մը հետ ուղղուեցաւ Մթըլլէ` հիւսիսային Իսրայէլ, ուր իսրայէլեան ուժերը բացայայտած էին գետնափոր փապուղի մը: ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը նշեցին, որ իրենց ստացած տեղեկութիւններուն հիման վրայ կրնան հաստատել,...

Նախագահ Աուն Լուսաւորեց Նախագահական Պալատի Տօնածառը

Նախագահ Աուն Լուսաւորեց Նախագահական Պալատի Տօնածառը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան լուսաւորեց նախագահական պալատի տօնածառը եւ մսուրը` ստանալով ընտանեկան լուսանկար մը: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Նոր տարին ընտանիքի տօնն է` աւելցնելով, որ երկրին ներկայ ծանր պայմանները մեզի կը մղեն գնահատելու ուրախութեան օրերը, եւ այս տօնին առիթով պէտք է միասնաբար ուրախանանք: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն առաւօտեան Պաապտայի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը, որուն անդամները...

Հարիրի Հանդիպում Ունեցաւ Պասիլի Եւ Ռիչըրտի Հետ

Հարիրի Հանդիպում Ունեցաւ Պասիլի Եւ Ռիչըրտի Հետ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները: Պասիլ յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան առումով առաջարկուած լուծումները` աւելցնելով, որ իրենց ճիգերը պիտի շարունակեն, մինչեւ որ կարելի ըլլայ կառավարութեան կազմութեան հարցին յարմար լուծում մը ապահովել: Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի...

Պասիլ Մախզումիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հեռանկարները

Պասիլ Մախզումիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հեռանկարները

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որ ողջունեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած մնայուն ոտնձգութիւնները դատապարտելու Պասիլի կեցուածքը: Քննարկուեցան նաեւ կառավարութեան կազմութեան հեռանկարները: Այս շրջագիծին մէջ Մախզումի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան արգելքները չէզոքացնելու իմաստով կան շարք մը լուծումներ`  աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք պէտք է ի գործ դնեն,...

«Սուրիա Շատ Աւելի Ապահով Է, Քան Կարգ Մը Երկիրներ, Ուր Սուրիացի Տեղահանուածները Ապաստանած Են»  Շեշտեց Ալի

«Սուրիա Շատ Աւելի Ապահով Է, Քան Կարգ Մը Երկիրներ, Ուր Սուրիացի Տեղահանուածները Ապաստանած Են» Շեշտեց Ալի

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի երէկ դեսպանատան մէջ ընդունեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հարցով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոնական յանձնախումբը: Հանդիպումին ընթացքին Ալի շեշտեց, որ Սուրիա կարիքը ունի իր բոլոր զաւակներու տունդարձին, որովհետեւ ան մեծ համեմատութեամբ յաղթանակ արձանագրած է, եւ ահաբեկչութիւնը անոր գրեթէ բոլոր հողերուն վրայ տապալած է: «Սուրիա շատ աւելի ապահով է, քան կարգ մը երկիրներ, ուր...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Երկրին Շահերը Իրապաշտութիւն Կը Պահանջեն` Ամէնէն Արագ Միջոցին Կառավարութիւն Մը Կազմելու Նպատակով»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Երկրին Շահերը Իրապաշտութիւն Կը Պահանջեն` Ամէնէն Արագ Միջոցին Կառավարութիւն Մը Կազմելու Նպատակով»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստի ընթացքին շեշտուեցաւ, որ երկրին շահերը իրապաշտութիւն եւ իրարու նկատմամբ բացուելու քաղաքականութիւն կը պահանջեն` ամէնէն արագ միջոցին կառավարութիւն մը կազմելու նպատակով: Պլոքը կոչ ուղղեց պետական հաստատութիւններուն եւ վարչութիւններուն քաղաքացիներուն նկատմամբ իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնելու, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ջուրի եւ ելեկտրականութեան հրատապ հարցերուն: Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը ընդգծեց, որ երկրին...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը ներքին եւ արտաքին ուժերու միջեւ խառն հարց է: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ հանգստեան կոչուած բոլոր պաշտօնեաներուն հատուցումները երկուշաբթի, 10 դեկտեմբերէն սկսեալ պիտի վճարուին: ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եագուպ Սարրաֆ ընդունեց Պուլկարիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի զինուորական գործակցութիւնն ու լիբանանեան բանակին կարողութիւններուն ամրագրումը: ԱՆԿԱԽ...

Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստին Ընթացքին.  Լիբանանեան Բանակը Գետնափոր  Փապուղիներու Մասին Լուրերը  Կը Նկատէ Զրպարտութիւններ

Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստին Ընթացքին. Լիբանանեան Բանակը Գետնափոր Փապուղիներու Մասին Լուրերը Կը Նկատէ Զրպարտութիւններ

Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աֆիխայ Ատրաայի երէկ հրապարակեց լուսանկարներ եւ տեսանիւթ մը, որոնք կը վերաբերէին Քֆարքիլայէն բռնագրաւեալ Պաղեստին երկարող այսպէս կոչուած գետնափոր փապուղիին, որուն կառուցումը կը վերագրուի Հըզպալլային: Սակայն լուսանկարներուն համապատասխանող քարի գործարանը ստուգելէ ետք ի յայտ եկած է, թէ նման գետնափոր անցք գոյութիւն չունի: Իսրայէլեան ուժերը իրենց զինուորական գործողութիւնը շարունակեցին Քֆարքիլայի հանդիպակաց շրջանին մէջ` որոնելով փապուղիին հետքերը: Միւս կողմէ, «Հիւսիսի...

«Ոչ Ոք Կրնայ Կասեցնել Փտածութեան  Դէմ Պաքարելու Արշաւը»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Ոչ Ոք Կրնայ Կասեցնել Փտածութեան Դէմ Պաքարելու Արշաւը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ մակնիշներու եւ արտադրութիւններու պաշտպան միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ռանի Սատերի, որ նախագահ Աունին ներկայացուց միութեան աշխատանքը: Նախագահ Աուն շեշտեց, թէ փտածութեան դէմ պայքարելու արշաւը, որ երկու տարի առաջ սկսաւ կարգ մը մարզերու մէջ, հսկայ յառաջդիմութիւն արձանագրած է` աւելցնելով սակայն, որ այդ աշխատանքը անբաւարար է: «Ոչ ոք կրնայ կասեցնել...

Պըրրի. «Իսրայէլեան Զրպարտութիւնները  Անճիշդ Են, Իսկ Նեթանիահու  Կը Փորձէ Իր Ներքին Շրջափակումը Ծածկել»

Պըրրի. «Իսրայէլեան Զրպարտութիւնները Անճիշդ Են, Իսկ Նեթանիահու Կը Փորձէ Իր Ներքին Շրջափակումը Ծածկել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ Լիբանանէն Իսրայէլ գետնափոր փապուղիներու բացայայտումին մասին իսրայէլեան զրպարտութիւնները անճիշդ են` աւելցնելով, որ Նաքուրայի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպումին ընթացքին իսրայէլեան կողմը այդ մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ներկայացուցած է: Պըրրի շեշտեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու այս զրպարտութիւններով կը փորձէ իր ներքին շրջափակումը ծածկել: Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան...

«Զբօսաշրջութիւնը Զարգացնելու Համար  Պէտք Է Օգտուիլ Երկրին  Ապահովական Կայունութենէն»  Շեշտեց Ա. Կիտանեան

Նախարար Կիտանեան Ուղղուեցաւ Յունաստան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ուղղուեցաւ Յունաստան` նախագահելու համար Աթէնքի զբօսաշրջական ցուցահանդէսին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը: Ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2018-ին, Աթէնքի մէջ բացումը կատարուելիք զբօսաշրջական ցուցահանդէսին Լիբանան կը մասնակցի իբրեւ պատուոյ հիւր: Կը նախատեսուի, որ Ա. Կիտանեան հանդիպում մը ունենայ իր յոյն պաշտօնակիցին` Էլենա Քունթուրայի հետ, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի լիբանանեան, յունական եւ կիպրական զբօսաշրջական միացեալ յանձնախումբին նիստերուն: Յունաստանի մէջ տեղի ունենալիք...

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Յանձնառու  Կը Մնայ Կառավարութեան  Կազմութեան Պասիլի Նախաձեռնութեան

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Յանձնառու Կը Մնայ Կառավարութեան Կազմութեան Պասիլի Նախաձեռնութեան

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ յետմիջօրէին գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ համախմբումը յանձնառու կը մնայ կառավարութեան կազմութեան Պասիլի նախաձեռնութեան եւ համոզուած է, որ կառավարութեան կազմութեան լուծումները առկայ են` առանց այս կամ այն քաղաքական ուժը թիրախ դարձնելու: «Պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել հասարակ...

Հարիրի Թամիմիէն Իմացաւ Պաղեստինեան Դատին  Դէմ Գործուած Ոտնձգութիւններուն Մանրամասնութիւնները

Հարիրի Թամիմիէն Իմացաւ Պաղեստինեան Դատին Դէմ Գործուած Ոտնձգութիւններուն Մանրամասնութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան գործադիր խորհուրդի անդամ Ահմետ Սայիտ Թամիմին` ընկերակցութեամբ Հուսամ Արաֆաթի եւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրի: Հանդիպումէն ետք Թամիմի յայտնեց, որ իրենք Հարիրիին ներկայացուցած են պաղեստինեան հողերուն մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի կողմէ պաղեստինեան դատին դէմ գործուած ոտնձգութիւններուն մանրամասնութիւնները: Թամիմի շեշտեց, որ երբ Միացեալ Նահանգներ...

«Ինծի Համար Արդէն Կասկածելի Է,  Թէ Սաատ Հարիրի Տակաւին Ատա՞կ Է  Վարչապետ Ըլլալու»  Ըսաւ Ուիամ Ուահապ

«Ինծի Համար Արդէն Կասկածելի Է, Թէ Սաատ Հարիրի Տակաւին Ատա՞կ Է Վարչապետ Ըլլալու» Ըսաւ Ուիամ Ուահապ

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ երեկոյեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «անցեալ շաբաթավերջին արձանագրուած միջադէպը փտածութեան դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ, եւ այդ ուղիին վրայ ունեցանք մեր առաջին նահատակը` Մոհամետ Ապու Տիապը»: «Մենք պատրաստ ենք յաւելեալ նահատակներ ունենալու փտածութեան դէմ մեր մղելիք պայքարին ճամբուն վրայ, որովհետեւ փտածութիւնը Իսրայէլէն եւ ահաբեկչութենէն աւելի վտանգաւոր է», ըսաւ ան: Ան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ այսօր Մասնահի եւ Ապպուտիէի, ինչպէս նաեւ Արսալի եւ Զամարանիի սահմանային անցքերէն հազար սուրիացի տեղահանուածներ տունդարձ պիտի կատարեն, առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ: ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու ու Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնները հինգշաբթի, 10 յունուար 2019-ին  ընդհանուր գործադուլի եւ բողոքի ցոյցի օր նշանակած են: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ...

Page 597 of 988 1 … 596 597 598 … 988

Արխիւներ