Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ մակնիշներու եւ արտադրութիւններու պաշտպան միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ռանի Սատերի, որ նախագահ Աունին ներկայացուց միութեան աշխատանքը:
Նախագահ Աուն շեշտեց, թէ փտածութեան դէմ պայքարելու արշաւը, որ երկու տարի առաջ սկսաւ կարգ մը մարզերու մէջ, հսկայ յառաջդիմութիւն արձանագրած է` աւելցնելով սակայն, որ այդ աշխատանքը անբաւարար է:
«Ոչ ոք կրնայ կասեցնել փտածութեան դէմ պայքարելու արշաւը, որովհետեւ հզօր եւ կարող պետութիւնը, որ կ՛աշխատի ամրապնդել իր հիմքերը, չի կրնար պաշտպանել փտածներն ու փտածութիւնը քաջալերողները», շեշտեց նախագահ Աուն:



