Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որ ողջունեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած մնայուն ոտնձգութիւնները դատապարտելու Պասիլի կեցուածքը:
Քննարկուեցան նաեւ կառավարութեան կազմութեան հեռանկարները: Այս շրջագիծին մէջ Մախզումի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան արգելքները չէզոքացնելու իմաստով կան շարք մը լուծումներ` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք պէտք է ի գործ դնեն, որպէսզի տկար կամ պարտուող գոյութիւն չունենայ:
«Ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ, որ վարչապետ Հարիրին տկար դուրս գայ», ըսաւ Մախզումի:



