Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստին Ընթացքին. Լիբանանեան Բանակը Գետնափոր Փապուղիներու Մասին Լուրերը Կը Նկատէ Զրպարտութիւններ

December 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աֆիխայ Ատրաայի երէկ հրապարակեց լուսանկարներ եւ տեսանիւթ մը, որոնք կը վերաբերէին Քֆարքիլայէն բռնագրաւեալ Պաղեստին երկարող այսպէս կոչուած գետնափոր փապուղիին, որուն կառուցումը կը վերագրուի Հըզպալլային:

Սակայն լուսանկարներուն համապատասխանող քարի գործարանը ստուգելէ ետք ի յայտ եկած է, թէ նման գետնափոր անցք գոյութիւն չունի:

Իսրայէլեան ուժերը իրենց զինուորական գործողութիւնը շարունակեցին Քֆարքիլայի հանդիպակաց շրջանին մէջ` որոնելով փապուղիին հետքերը:

Միւս կողմէ, «Հիւսիսի վահան» գործողութիւնը Իսրայէլի մէջ յառաջացուց տեսակէտներու երկփեղկում, եւ հակառակ այն իրականութեան, որ հիւսիսային Իսրայէլի սահմանամերձ շրջանին մէջ իսրայէլեան զինուորական յաւելեալ ուժեր տեղակայուեցան` ապահովական որեւէ մագլցում հակակշիռի տակ առնելու նպատակով, ներքին իսրայէլեան առումով ոմանք փապուղիներու մասին լուրերը նկատեցին իրենց վարչապետին` Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ օգտագործուած խաղ մը` ինքզինք փրկելու իսրայէլեան ներքին քաղաքական տագնապներէ:

Նշենք, որ Նեթանիահու սպառնաց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային, թէ գետնափոր փապուղիներու բացայայտումին համար սկսած արշաւը կրնայ շաբաթներու վրայ երկարիլ:

Նեթանիահու սպառնաց Հըզպալլային եւ խոստացաւ անոր սուղ վճարել տալ Իսրայէլի դէմ հաւանական որեւէ յարձակումի գինը:

Միւս կողմէ, Ռաս Նաքուրայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի հանդիպում մը` լիբանանեան բանակին եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այսպէս կոչուած գետնափոր փապուղիին վերաբերող լուրերը, որոնց մասին լիբանանեան բանակը յայտնեց, թէ անոնք իսրայէլեան զրպարտութիւններ են, եւ պէտք է այդ զրապարտութիւններուն վերջ տալ:

Բանակը պահանջեց յստակ ու շօշափելի տեղեկութիւններ ներկայացնել այդ «անցքերուն» մասին` ընդգծելով, որ իսրայէլեան ուժերը լիբանանեան հողերուն վրայ ոչ մէկ աշխատանք տանելու իրաւունք ունին:

Լիբանանեան բանակը հաստատեց, որ ինք կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ միջազգային ընտանիքէն ու ՄԱԿ-էն պահանջեց Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի ան եւս յարգէ այդ բանաձեւը:

Բանակը շեշտեց, որ լիբանանեան հողային ու  ծովային գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ նաւթի ու բնական կազի հարստութեան կառչած կը մնայ` պահանջելով հեռանալ Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն եւ Ղաժար գիւղաքաղաքէն:

Հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պատուիրակութիւն մը այսօր ուղղուի Իսրայէլ` վստահ ըլլալու համար Հըզպալլայի դէմ Իսրայէլի կատարած յայտարարութիւններէն:

Ուշ գիշերին, վարչապետ Սաատ Հարիրի անդրադարձաւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանի զարգացումներուն` հաստատելով, որ այդ իրադարձութիւնները պէտք չէ մագլցումներ արձանագրեն:

Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանան իր բոլոր պարտականութիւնները կը կատարէ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան իմաստով` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կը գործակցին հարաւային Լիբանանի սահմանային խաղաղութիւնը պահպանելու առումով:

Ան շեշտեց, որ բանակը պատասխանատու է հարաւային Լիբանանի սահմաններուն ապահովութեան եւ Լիբանանի կառավարութիւնը նախանձախնդիր է ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:

 

Նախորդը

«Ոչ Ոք Կրնայ Կասեցնել Փտածութեան Դէմ Պաքարելու Արշաւը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Ըստ Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Թեկնածուին. Հայաստանի Մէջ Ամերիկեան Քաղաքականութեան Հիմնական Նպատակն Է Ամրապնդել Հայաստանի Անկախ Պետականութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.