Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ այսօր Մասնահի եւ Ապպուտիէի, ինչպէս նաեւ Արսալի եւ Զամարանիի սահմանային անցքերէն հազար սուրիացի տեղահանուածներ տունդարձ պիտի կատարեն, առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ:

ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու ու Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնները հինգշաբթի, 10 յունուար 2019-ին  ընդհանուր գործադուլի եւ բողոքի ցոյցի օր նշանակած են:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան գործադիր խորհուրդի անդամ Ահմետ Սայիտ Թամիմին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրի:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ ընդունեց երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպը եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որոնց հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ Ժահիլիայի միջադէպին վերաբերող հարցերն ու անոնց քաղաքական, ապահովական եւ դատական հետեւանքները:

ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը հաստատեց, որ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի թղթածրարին հարցով դատական ոչ մէկ միջոցառում որդեգրուած է:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ նախարարութիւնը ելեւմուտքի նախարարութեան ճամբով երկրին պետական գանձարկղին կատարած է 120 միլիոն տոլարի փոխանցում մը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւնները զիրենք կը մղեն ամբողջացնելու սահմանադրական իրենց պարտականութիւնը` կազմելով կառավարութիւնը եւ երկրին մէջ պարտադրելով տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական կայունութիւն: Ան հանդիպում մը ունեցաւ Դրամատուներու միութեան մէկ պատուիրակութեան հետ եւ քննարկեց երկրին ելեւմտական եւ դրամատնային իրավիճակը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 900 լ. ոսկիով նուազած է, 95 օքթան պենզինի սակը` 800 լ. ոսկիով, մազութինը` 800 լ. ոսկիով, իսկ կազինը` 400 լ. ոսկիով:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ երէկ ընկերային ցանցերու իր անհատական էջին վրայ տեղադրեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի լուսանկարը եւ անոր տակ արձանագրեց հետեւեալ մեկնաբանութիւնը «Դո՛ւն ես սիրելին, եղբայրը, սէյիտը, հաւատարմութիւնը, անկեղծութիւնը եւ առնականութիւնը»:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Իսրայէլի շարժումները ներքին իսրայէլեան տագնապին պատճառով արձանագրուած են եւ նոր պատերազմ մը պիտի չբռնկեցնեն:

ԱՐՏԱՔԻՆ յարաբերութիւններու խորհրդարանական յանձնախումբը գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուց Լիբանանի եւ Տնտեսական ու ընկերային բարգաւաճման արաբական սնտուկին միջեւ համաձայնագիր մը, որ պիտի նպաստէ մայր ուղիներուն, ինչպէս` արաբական մայրուղիին եւ Զուք Մուսպեհ-Ժեհիթա մայրուղիին շինութեան ֆինանսաւորումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապի կատարած յայտարարութիւնները Լիբանանի մթնոլորտը ելեկտրականացուցած են:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ պահանջեց, որ երկրին մէջ շուրջօրեայ դրութեամբ պետութիւն ըլլայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Պահիա Հարիրի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Տահլըր Քարտելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նատիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահութեան թեկնածու չէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ուալիտ Պաարինի շեշտեց, որ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապն է պատասխանատուն Մոհամետ Ապու Տիապի սպանութեան, որովհետեւ ան իր վիրաւորանքներով դուռ կը բանայ սադրանքներու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Օսէյրան հաստատեց, որ Լիբանան պիտի պաշտպանէ իր սահմանները` իսրայէլեան ուժերուն յայտարարած զինուորական որեւէ գործողութեան պարագային:

 

 

Նախորդը

Զախարովա. «ՀԱՊԿ-ի Արտաքին Գործոց Նախարարները Կրնան Հանդիպիլ ԵԱՀԿ-ի Նախարարական Նիստի Ծիրին Մէջ»

Յաջորդը

«Ինծի Համար Արդէն Կասկածելի Է, Թէ Սաատ Հարիրի Տակաւին Ատա՞կ Է Վարչապետ Ըլլալու» Ըսաւ Ուիամ Ուահապ

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?