Իսրայէլի կառավարութեան բանբեր Ովիր Կինտըլման շեշտեց, որ «Հիւսիսի վահան» գործողութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ Հըզպալլայի գետնափոր փապուղիներուն ամբողջական քանդումը:
Մինչ Կինտըլման այս յայտարարութիւնը կը կատարէր, իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ արեւմտեան Գալիլիոյ մէջ բացայայտած է նոր գետնափոր փապուղի մը եւ հաստատած, թէ այդ փապուղիները Իսրայէլի եւ անոր քաղաքացիներուն ապահովութեան կը սպառնան:
Իսրայէլեան բանակը շեշտեց, որ «գետնափոր փապուղիներուն նպատակն է երկրին հիւսիսային սահմաններէն հարիւրաւոր ահաբեկիչներ փոխադրել Իսրայէլ` շրջափակելու համար իսրայէլեան գիւղաքաղաքները եւ մեր բնակիչները իրենց բնակարաններուն մէջ մորթելու»:
«Հըզպալլա տարիներ շարունակ փորած է յարձակման նպատակներ հետապնդող այս փապուղիները եւ հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու գումարներ տրամադրած է այս աշխատանքին` զայն նկատելով ռազմավարական զէնք` տիրելու համար Գալիլիոյ», նշեցին իսրայէլեան ուժերը:
Անդրադառնալով գետնափոր փապուղիներուն մասին Հըզպալլայի լռութեան` նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ Հըզպալլա իրար անցած վիճակ մը ունի, որովհետեւ ան իր ռազմավարական զէնքերու զինաթափումին ականատես կ՛ըլլայ:
Իսրայէլեան ուժերը աշխարհէն պահանջեցին դատապարտել Լիբանանի կառավարութիւնը եւ զայն պատասխանատու նկատել անոր հողերուն վրայ կատարուած արարքներուն համար, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի դէմ խիստ պատժամիջոցներ որդեգրել` իսրայէլեան գերիշխանութեան դէմ անոր գործած ոտնձգութեան պատճառով:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աֆիխայ Ատրաայի շեշտեց, որ Հըզպալլայի գետնափոր փապուղին կը հարուածէ լիբանանեան կառավարութեան բոլոր խոստումները, ինչպէս նաեւ միջազգային որոշումները:
Ատրաայի շեշտեց, որ Հըզպալլա Քֆարքիլայի մէջ ունի զէնքի պահեստանոցներ, որոնք յաջորդ պատերազմին ընթացքին կարեւոր դերակատարութիւն կրնան ունենալ:
Ան աւելցուց, որ Քֆարքիլայի մէջ կը գտնուին նաեւ Հըզպալլայի ղեկավարութեան կեդրոններ, ինչպէս նաեւ ստորերկրեայ մարտական դիրքեր:


