Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ երեկոյեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «անցեալ շաբաթավերջին արձանագրուած միջադէպը փտածութեան դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ, եւ այդ ուղիին վրայ ունեցանք մեր առաջին նահատակը` Մոհամետ Ապու Տիապը»:
«Մենք պատրաստ ենք յաւելեալ նահատակներ ունենալու փտածութեան դէմ մեր մղելիք պայքարին ճամբուն վրայ, որովհետեւ փտածութիւնը Իսրայէլէն եւ ահաբեկչութենէն աւելի վտանգաւոր է», ըսաւ ան:
Ան նշեց, որ իր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ թշնամանք չկայ, այլ` քաղաքական հակառակորդութիւն:
Անդրադառնալով վարչապետ Սաատ Հարիրիին` Ուահապ ըսաւ, թէ անոր վիզին Մոհամետ Ապու Տիապի արիւնը կայ: «Ինծի համար արդէն կասկածելի է, թէ Սաատ Հարիրի տակաւին ատա՞կ է վարչապետ ըլլալու», աւելցուց ան:
Ուահապ պահանջեց, որ կազմուելիք կառավարութեան մէջ տիւրզի համայնքին երրորդ նախարար մը տրուի եւ այդ նախարարը ըլլայ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որ պէտք է ստանձնէ կշիռ ունեցող կարեւոր նախարարութիւն մը:
Ան նշեց, որ այս իմաստով ինք մօտիկ ապագային պիտի ձեռնարկէ դաշնակից քաղաքական ուժերուն այցելութիւններու:



