ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը ներքին եւ արտաքին ուժերու միջեւ խառն հարց է:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ հանգստեան կոչուած բոլոր պաշտօնեաներուն հատուցումները երկուշաբթի, 10 դեկտեմբերէն սկսեալ պիտի վճարուին:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եագուպ Սարրաֆ ընդունեց Պուլկարիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի զինուորական գործակցութիւնն ու լիբանանեան բանակին կարողութիւններուն ամրագրումը:
ԱՆԿԱԽ սիւննի երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է նախաձեռնէ վեց անկախ սիւննի երեսփոխաններուն ներկայացուցչութեան ապահովման:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Ռիատ Թապպարա շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմ բռնկեցնելու առումով ամերիկեան կանաչ լոյս տակաւին չէ տրուած:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ պետութիւն չկայ, այլ` պատերազմի ղեկավարներուն միջեւ զինադուլ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ֆատի Աուար հաստատեց, որ Լեռնալիբանանի բանալին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի մօտ չի գտնուիր, եւ պահանջեց կազմել հետաքննութեան յատուկ յանձնախումբ մը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական բոլոր պատասխանատուներուն խնայելու լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ խնայելու լիբանանեան պետութեան մնացորդացը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ պաշտպանութեան, ներքին հարցերու եւ քաղաքապետարաններու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Սամիր Ժսըրի հետ: Ֆուշէ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ հանրօգուտ շինութեանց, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Նազիհ Նաժըմի հետ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասըն հաստատեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ ուղղեց անյապաղ կազմելու երկրին կառավարութիւնը:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին յղեց նամակ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն մասին անոր կեցուածքը շատ ճիշդ էր:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, հաւանական է, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն առաջադրէ նախաձեռնութիւն մը` կառավարութեան կազմութեան առումով, փրկելու համար այն, ինչ որ կարելի է փրկել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ երբ ոմանք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքներ կը դիմագրաւեն, պէտք չէ երկրին ապահովութիւնը խախտեն: Նոյն օրաթերթին մէջ մտահոգութիւն կ՛արձանագրուի` լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ երկփեղկումին խորանալուն իմաստով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւնները շատ լաւ վիճակի մէջ են:
Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը զգուշացուցած է, թէ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապի ձերբակալութիւնը պատճառ կրնայ դառնալ արիւնահեղութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ժահիլիայի միջադէպին պատասխանատուն ապօրինի զէնքի գոյութիւնն է: Մուսթաքպալի աղբիւրները ընդգծեցին, որ կառավարութեան կազմութեան հարցով Հարիրի անշեղ կը մնայ իր կեցուածքներէն: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ երկիրն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խանգարողը վարչապետ Սաատ Հարիրին է:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պաապտայի աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը վերջին 48 ժամերուն ընթացքին աշխուժութիւն մը ապրած են: Նոյն օրաթերթը նշեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը մերժէ նոյնիսկ մէկ բառով անդրադառնալ Ժահիլիայի միջադէպին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտած է, թէ իրենք կը ծառայեն Լեռնալիբանանի ապահովական կայունութեան: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Մոհամետ Ապու Տիապի սպանութեան առիթով:


