Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան ուղղուեցաւ Յունաստան` նախագահելու համար Աթէնքի զբօսաշրջական ցուցահանդէսին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը:
Ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2018-ին, Աթէնքի մէջ բացումը կատարուելիք զբօսաշրջական ցուցահանդէսին Լիբանան կը մասնակցի իբրեւ պատուոյ հիւր:
Կը նախատեսուի, որ Ա. Կիտանեան հանդիպում մը ունենայ իր յոյն պաշտօնակիցին` Էլենա Քունթուրայի հետ, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի լիբանանեան, յունական եւ կիպրական զբօսաշրջական միացեալ յանձնախումբին նիստերուն:
Յունաստանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումները պիտի կեդրոնանան մշակութային զբօսաշրջութեան, կրօնական զբօսաշրջութեան եւ խոհանոցային զբօսաշրջութեան շրջագիծին մէջ Լիբանանի եւ Յունաստանի միջեւ այդ մարզի փորձագէտներու փոխանակումը բարելաւելու վրայ:
Նախարար Կիտանեանի Յունաստան կատարած այցելութեան ընթացքին անոր պիտի ընկերակցի լիբանանեան զբօսաշրջութեան սեփական մարզի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս պիտի կազմեն ճամբորդական եւ զբօսաշրջական գրասենեակներու պատասխանատուներ եւ զբօսաշրջութեան մարզի փորձագէտներ:



