Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերը երէկ Քֆարքիլայի մօտակայքը իրենց բացայայտած գետնափոր փապուղիին կապուած աշխատանքները շարունակեցին, ինչպէս նաեւ Ֆաթիմայի սահմանամերձ շրջանը օժտեցին տեսախցիկներով` խստացնելով շրջուն ջոկատներուն կատարած հսկողութիւնը:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը երկրին այս իշխանութիւններուն օրով սովորական կարգախօս պիտի չդառնայ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի ընդունեց Լիբանանի մէջ Սրի Լանքայի դեսպան Վիճիրաթինի Մանտիսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ իրաւունքներու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուսա հաստատեց, որ մարդկային իրաւունքներու վերաբերող մեծ թիւով օրէնքներ եւ որոշումներ կան, որոնք չեն գործադրուած:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի շատ զոհողութիւններ մատուցեց, սակայն անոր զօրակցող ժողովուրդը կը մերժէ, որ ան նոյն ընթացքով շարունակէ:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ երաշխիք երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարիօ Աուն շեշտեց, որ նախագահական պալատին  եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ տարակարծութիւններ չկան` աւելցնելով, որ իրենք կառչած կը մնան, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը վարչապետ Հարիրիի կողմէ կազմուի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Ժահիլիայի միջադէպին նպատակն էր երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները շրջել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ անկախ սիւննի երեսփոխանները կառավարութեան մէջ ներկայացնելու լուծում մը գոյութիւն ունի, որ կարելի է գործադրել, առանց այս կամ այն քաղաքական ուժը պատժելու կամ անոր հաշուոյն անիրաւութիւն կատարած ըլլալու:

ՀԱԼՊԱՅԻ մէջ խումբ մը երիտասարդներ երէկ կարճ ժամանակի համար փակեցին Հալպայի մայր պողոտան` առ ի զօրակցութիւն վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն ու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին: Նստացոյցին մասնակիցները հրկիզեցին նախկին նախարար Ուիամ Ուահապի լուսանկարները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի Կեդրոնական Պեքաայի ղեկավարութիւնը շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի դէմ իր մղած պայքարով Հըզպալլա իր հաշիւներուն մէջ սխալած կ՛ըլլայ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այցելուներէն, կը գրէ, թէ նախագահ Աուն իր մօտ ունի կառավարութեան կազմութեան լուծման աւելի քան մէկ տարբերակ:

 

 

Նախորդը

Մատուրօ Միացեալ Նահանգները Կը Մեղադրէ Վենեզուելայի Մէջ Պետական Յեղաշրջումի Փորձի Համար

Յաջորդը

Բանակի Հրամանատարը Ապահովական Կառոյցներու Պետերուն Հետ Քննարկեց Տօնական Օրերուն Որդեգրուելիք Ապահովական Միջոցառումները

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.