Վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ երէկ շեշտեցին, որ վարչապետը, սահմանադրական իր իրաւասութիւններուն եւ երեսփոխաններու պարտադիր խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներուն համաձայն, կը ստանձնէ կառավարութեան կազմութեան իր պատասխանատուութիւնը:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ վարչապետ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ դրած է կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն երկիրը բաղկացնող հիմնական շերտերը: «Այդ կազմը ստացած է նոյնիսկ հանրապետութեան նախագահին հաւանութիւնը, սակայն աւելի ուշ արգելակուած է երեսփոխանական պլոքի մը ներկայացուցչութեան պահանջով, որ ներկայացուած է կառավարութեան յայտարարուելէն միայն քառորդ ժամ առաջ», նշեցին աղբիւրները:
Հարիրիի մօտիկ աղբիւրները հաստատեցին նաեւ, որ վարչապետ Հարիրի կառավարութեան կազմութեան աշխատանքի ստանձնումին առաջին իսկ օրէն անկեղծ գտնուած է եւ շեշտած, որ ինք պիտի կազմէ 30 նախարար հաշուող կառավարութիւն մը:
Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ վարչապետ Հարիրի կառչած պիտի մնայ նախագահական համաձայնութեան, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնը ազգային պարտականութիւն է, իսկ երկրին իշխանութեան յաջողութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն յաջողութիւնն է:
«Սակայն երկրին իշխանութեան յաջողութիւնը ապահովելու համար պէտք է կազմել կարող եւ ատակ կառավարութիւն մը, որ կարենայ դիմագրաւել երկրին մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ ամրապնդել ազգային միասնականութիւնը եւ ոչ թէ մասնատել լիբանանցիները», հաստատեցին անոնք:
Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի երէկ հրապարակեց պաշտօնական շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ կաթողիկէ Ս. Ծննդեան տօնին եւ Նոր տարուան առիթով պետական բոլոր հաստատութիւնները փակ պիտի մնան երեքշաբթի, 25 դեկտեմբեր 2018-ին եւ երեքշաբթի, 1 յունուար 2019-ին:



