Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Աւստրիոյ Զօրակցութիւնը Լիբանանին

December 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վան Տեր Պելենը, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը եկած էր Լիբանան:

Հանդիպումը առիթ մըն էր քննարկելու լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Աւստրիոյ նկատմամբ Լիբանանի երախտագիտութիւնը յայտնելու` եւրոպական եւ միջազգային մակարդակի վրայ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերած անոր զօրակցութեան համար:

Հանդիպումէն ետք նախագահներ Աուն եւ Վան Տեր Պելեն միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեցին շարք մը յայտարարութիւններ:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող աւստրիական խաղաղապահ ուժերուն գործունէութիւնը:

Ան ընդգծեց, որ Աւստրիոյ նախագահին հետ շեշտած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար ջանքերը մէկտեղելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին կարեւորութիւնը` առանց սպասելու Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Վան Տեր Պելենի հետ քննարկած է նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները` միասնաբար գործակցելու համար ի խնդիր Լիբանանի եւ Աւստրիոյ միացեալ շահերուն:

Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլեան ուժերուն սկսած «Հիւսիսի վահան» զինուորական գործողութեան` նախագահ Աուն յայտնեց, որ իրենք գետնափոր փապուղիներու հարցը լուրջի առած են եւ հաստատած, որ Լիբանան Իսրայէլի դէմ յարձակման ոչ մէկ միտում ունի, հակառակ իսրայէլեան ուժերուն պնդումին, թէ անոնք պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքները` բացայայտելու փապուղիները:

Նախագահ Աուն ըսաւ, որ այս գործողութեան լոյսին տակ խաղաղութիւնը վտանգի չ՛ենթարկուիր` աւելցնելով, որ վերջնական տեղեկագիրները ստանալէ ետք իրենք հարցերու լուծման պատրաստ պիտի ըլլան:

Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն ըսաւ, թէ առաջադրած են նախաձեռնութիւն մը, որ պէտք է յաջողի:

Նախագահ Վան Տեր Պելեն իր կարգին շեշտեց, որ Աւստրիա միշտ պիտի զօրակցի Լիբանանին` շարունակելու համար խաղաղութեան, բարգաւաճման ու անվտանգութեան ճանապարհը:

Ան բարձր գնահատեց սուրիացի տեղահանուածները հիւրընկալելու Լիբանանի քայլերը, հակառակ անոր որ անոնց ներկայութիւնը Լիբանանի վրայ տնտեսական մեծ բեռ է:

Նախագահ Վան Տեր Պելեն գնահատեց Լիբանանի եւ Աւստրիոյ միջեւ երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ Լիբանան այցելութեան նպատակն է զանոնք ամրապնդել` Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական խորհրդաժողովին ընդմէջէն:

Ան դրուատեց Լիբանանի ընթացքը, մանաւանդ որ հակառակ զինք շրջապատող դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, կրցաւ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով մեծ յաջողութիւն արձանագրել:

Աւստրիոյ նախագահը դարձաւ նախագահական պալատի ճաշի հիւրը:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախագահ Վան Տեր Պելենը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքները:

Պըրրի շեշտեց, որ հարցերը լուծելու վերջին առիթներուն մասին յայտարարութիւնները անճիշդ են` աւելցնելով, թէ լիբանանեան միտքը ստեղծագործ է, եւ մաղթելով, որ նախագահ Աուն իր նախաձեռնութեամբ կարենայ լուծել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքները:

Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի մէջ այսպէս կոչուած գետնափոր փապուղիներու գոյութեան` Պըրրի շեշտեց, որ այդ մասին ոչ մէկ նորութիւն փոխանցուած է իրենց, եւ հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:

Նշենք, որ նախագահ Վան Տեր Պելեն երէկ առաւօտեան Լիբանան ժամանումէն անմիջապէս ետք ուղղուեցաւ Նահատակաց հրապարակ եւ Նահատակաց յուշարձանին զետեղեց ծաղկեպսակ մը` ներկայութեամբ պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆի, փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնիի, նախագահական պալատի հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլի, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Հըզպալլայի Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Տագնապը Լուծելու Հեռանկարները

Յաջորդը

Եւրոպական Եւ Ամերիկեան Անդրադարձներ` Հայաստանի Ընտրութիւններուն

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.