Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաշնուք Յայտարարեց Ապահովական Գործողութեան Մը Ձախողութիւնը

Դեկտեմբեր 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, ինչպէս նաեւ այլ պատասխանատու զինուորականներ:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մաշնուք յայտարարեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձախողեցուցած է Լիբանանի մէջ կատարուելիք ապահովական գործողութիւն մը:

Ան նշեց, որ ապահովութեան ուժերուն այս աշխատանքը ապահովական բարձր մակարդակի եւ առաւելագոյն չափով բծախնդիր գործողութիւն մը կը նկատուի` աւելցնելով, որ այդ աշխատանքը տեւած է 10 ամիս եւ Լիբանանը փրկած երկու մեծ պայթումներէ:

Մաշնուք նշեց, որ ապահովութեան ուժերը բացայայտած են դէպի Լիբանան պայթուցիկ նիւթեր փոխադրելու փորձերը` հետեւելով Լիբանանի մէջ ապրող սուրիացիի մը, որ 10 ամիս շարունակ աշխատած էր այդ ուղղութեամբ:

Մաշնուք նշեց, որ պայթուցիկ նիւթեր Լիբանան մաքսանենգելու փորձերը երկու ձեւերով կատարուեցան: «Առաջին անգամ պայթուցիկ նիւթերը կը գտնուէին Լիբանան փոխադրուող պանիրի տուփերուն մէջ, իսկ երկրորդ անգամ չինկլիշ տեսակի պանիրի տուփերուն մէջ: Պահանջուածը այն էր, որ այդ պայթուցիկ նիւթերը Լիբանանի մէջ կազմուէին եւ պայթելու պատրաստ վիճակ ստանային», նշեց ան:

Մաշնուք աւելցուց, որ ձերբակալումէ եւ երկարատեւ հարցաքննութենէ ետք ի յայտ եկած է, թէ պայթուցիկ նիւթերը փոխադրողները անտեղեակ եղած են այդ նիւթերուն գոյութենէն:

Մաշնուք նշեց, որ պայթուցիկ այդ նիւթերը պիտի օգտագործուէին հիմնական երեք թիրախներու ուղղութեամբ. ա) աղօթավայրեր, բ) քրիստոնեաներու հաւաքավայրերը, գ) լիբանանեան բանակի զօրանոցները` երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին, զանոնք ջնջելու նպատակով:

Մաշնուք շեշտեց, որ որոշուեցաւ ապահովական այս գործողութիւններուն տեսակին մասին յայտարարել, որովհետեւ գործողութիւնը կասեցուած է եւ հաստատելու, որ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուած է:

«Լիբանան ապահով է, թէ՛ բնակիչներու եւ թէ՛ այցելուներուն համար», ընդգծեց Մաշնուք:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Ժեմայէլը

Յաջորդը

Պըրրի. «Այսպէս Կոչուած Գետնափոր Փապուղիներուն Մասին Տեղեկութիւններ Պահանջեցինք, Սակայն Ոչինչ Ստացանք»

RelatedPosts

բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար
Լիբանանեան

բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?