Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց աւստրիացի իր պաշտօնակիցը` Մարիօ Քոնասքը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս զինուորական գործակցութեան առումով:
Սարրաֆ եւ Քոնասք քննարկեցին նաեւ Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:
Սարրաֆ բարձր գնահատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ջանքերը:



