Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աֆիխայ Ատրաայի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պատասխանատու է արձանագրուած բոլոր զարգացումներուն` աւելցնելով, որ գետնափոր փապուղիներու գոյութիւնը Լիբանանի կառավարութեան կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում կը նկատուի:
Ատրաայի նշեց, որ շաբաթ օր իսրայէլեան ուժերուն կողմէ սահմանամերձ շրջանին մօտեցող Հըզպալլայի երեք մարտիկներու վրայ կրակ բացուած է` շեշտելով, որ իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեն իրենց աշխատանքը` գետնափոր փապուղիները քանդելու իմաստով:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եսրայէլ Քաց կատարեց յայտարարութիւն մը, թէ իսրայէլեան ուժերը կրնան ստիպուիլ լիբանանեան հողեր մուտք գործել` դէմ դնելու համար գետնափոր փապուղիներու սպառնալիքին` Հըզպալլայի հետ ընդհարումով:
Երէկ յետմիջօրէին Մայս Էլ Ժապալի հանդիպակաց Քրում Շրաքի շրջանին մէջ իսրայէլացի զինուորներ 20 քարշակներ դիրքաւորեցին եւ սկսան աշխատանքի:
Ի տես այս զարգացումին, լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը դիրքաւորուեցան Կապոյտ գիծին մօտակայքը:
Երեկոյեան իսրայէլեան ուժերը քարշակները հեռացուցին վերոնշեալ վայրէն` իսրայէլացի զինուորները պահելով անոնց դիրքերուն վրայ:
Նշենք, որ մինչ իսրայէլեան ուժեր քարշակներով կը գործէին, «Էմ. Քա.» տիպի իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր թռիչքներ կը կատարէին հարաւային Լիբանանի վերեւ:
ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ սահմանային Կապոյտ գիծին մօտ կացութիւնը հանդարտ է եւ ոչ մէկ ոտնձգութիւն գործուած է:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի Հըզպալլայի գետնափոր փապուղիները բացայայտելու եւ զանոնք ոչնչացնելու` վերջ տալու համար հիւսիսային Իսրայէլի դէմ ուղղուած սպառնալիքին:
«Հիւսիսի վահան» գործողութիւնը պիտի շարունակուի` բացայայտելու եւ չէզոքացնելու համար բոլոր գետնափոր փապուղիները», ըսաւ ան:
Նեթանիահու հաստատեց, որ Իսրայէլ դիւանագիտական մակարդակի վրայ կ՛աշխատի դատապարտել Հըզպալլան ու Իրանը եւ զանոնք պատժամիջոցներու ենթարկել:
Նշենք, որ երէկ առաջին անգամ ըլլալով Հըզպալլա անդրադարձաւ իսրայէլեան սպառնալիքներուն` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի հետ իրանեան «Ուիֆաք» օրաթերթին կատարած հարցազրոյցին ընդմէջէն:
Շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ Իսրայէլի մէջ չկայ վայր մը, որ Հըզպալլայի հրթիռներուն թիրախ չըլլայ:
Իսրայէլեան ներքին ճակատը մինչեւ Թել Աւիւ կը գտնուի Հըզպալլայի հրթիռներուն ենթակայ:
Ան շեշտեց, որ Նեթանիահու պատրաստ չէ նոր պատերազմ մը շղթայազերծելու` առանց իմանալու անոր արդիւնքներուն մասին: «Իսկ իսրայէլեան ներքին ճակատին թուլութիւնը եւ Հըզպալլայի հրթիռներուն թիրախ ըլլալը կը տկարացնէ զայն:
Նշենք նաեւ, որ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան «Տեպքա» կայքը հրապարակեց լուր մը, որուն մէջ նշեց, թէ անցեալ երեքշաբթի օր Իսրայէլի սկսած զինուորական գործողութեան դէմ Հըզպալլայի առաջին պատասխանն էր սահմանամերձ շրջանին մէջ իր մարտիկներուն թիւը եօթը հազարով բարձրացնելը:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը միշտ պատրաստ է երկրին ապահովական կայունութեան հսկելու, ըլլան ան ներքին թէ արտաքին առումով:
Իր կարգին, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար Սթեֆանօ տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ գետնափոր փապուղիներու բացայայտումին վերաբերող հարցեր:
Նախկին նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Ռուսիա կարգ մը լիբանանցի պատասխանատուներ տեղեակ պահած է, թէ ինք կը մերժէ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան
յարձակումի մը սանձազերծումը:
Նախկին նախարար Իպրահիմ Նաժժար կոչ ուղղեց ընթացաւարտ կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարելու` քննարկելու համար իսրայէլեան սպառնալիքներուն վտանգաւոր հետեւանքները:



