Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Այսպէս Կոչուած Գետնափոր Փապուղիներուն Մասին Տեղեկութիւններ Պահանջեցինք, Սակայն Ոչինչ Ստացանք»

Դեկտեմբեր 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ Ռիչըրտի հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու անոր հետեւանքները լիբանանցիներուն վրայ:

Պըրրի ընդգծեց նաեւ, որ ամերիկացի դեսպանին հետ քննարկած է Լիբանանէն բռնագրաւուած Պաղեստին երկարող այսպէս կոչուած գետնափոր փապուղիներու հարցը:

Խորհրդարանի նախագահը ըսաւ, որ այդ փապուղիներուն մասին տեղեկութիւններ պահանջած են, սակայն ոչինչ ստացած:

Ան նշեց, որ Նաքուրայի եռակողմանի նիստին ընթացքին լիբանանեան բանակի ներկայացուցիչին այդ իմաստով ոչինչ փոխանցուած է:

Պըրրի շեշտեց, որ Իսրայէլն է ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը մերժողը, որովհետեւ ան սկիզբէն արդէն մերժեց զինադուլը: «Անկախ այս իրականութենէն, Իսրայէլն է, որ ամսական դրութեամբ 150 սահմանային խախտում կ՛արձանագրէ, որոնցմէ վերջինն էր երեք օր առաջ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ օդապարիկով մը Մայս Էլ Ժապալ գիւղաքաղաքին վերեւ շրջելու ոտնձգութիւնը», ըսաւ Պըրրի` հաստատելով, որ պահանջուածը այն է, որ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը ամբողջական կերպով գործադրուի:

Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան եւ տնտեսական իրավիճակին վերաբերող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Թայմուր Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց տնտեսական տագնապին լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը` նախքան տնտեսական վիճակին ամբողջական քայքայումը:

Նշենք, որ Թայմուր Ժոմպլաթի նախագահած Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին:

Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը եւ ընդգծուեցաւ այդ վիճակը բարելաւելու կարեւորութիւնը:

 

 

Նախորդը

Մաշնուք Յայտարարեց Ապահովական Գործողութեան Մը Ձախողութիւնը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Պըրրիի Եւ Հարիրիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Տագնապի Լուծման Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?