Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում ունեցաւ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ:
Ան ըսաւ, որ այցելութեան նպատակը Նոր տարին շնորհաւորելը, պատրիարքին օրհնութիւնը ստանալը եւ երկրի անմիջական կացութիւններու քննարկումն էր:
«Հակառակ դժուար պայմաններուն, արդարադատութեան աշխատանքը ընթացք առաւ», նշեց ան:
«Նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին շուրջ աշխատանքը կը շարունակուի դատաւոր Թարեք Պիթարի ջանքերով», ըսաւ նախարարը` աւելցնելով. «Ամէն կարելի աջակցութիւն կը տրամադրենք այս առնչութեամբ առաքելութիւնը դիւրացնելու համար»:
Անդրադառնալով Կրասիա Քազզիի մաքսատան ընդհանուր տնօրէն նշանակման` արդարադատութեան նախարարը նշեց. «Նշանակման առարկեցի, թէեւ համոզուած եմ ու կառչած կը մնամ անմեղութեան կանխավարկածին, սակայն պաշտօնի բարձրացումը անպատշաճ է»:
«Արդարադատական երթը անկախ է, եւ վարչապետը յստակ էր, երբ նշեց, թէ դիրքորոշումը միջամտութիւն չի ներկայացներ արդարադատութեան հոլովոյթին, որ պէտք է իր աւարտին հասնի», ըսաւ ան:
«Դատապարտուող ոեւէ անձի դէմ կը գործադրուին իրաւական քայլերը, եւ պատշաճը պաշտօնի բարձրացման քայլին չդիմելն էր», նշեց Նասսար:
Միւս կողմէ, Պէյրութի պայթումի զոհերուն հարազատները նաւահանգիստի մաքսատան մօտ գտնուող թիւ 3 դարպասին մօտ անիւներ հրկիզելով բողոքի ցոյց կատարեցին` բողոքելով Կրասիա Քազզիի մաքսատան ընդհանուր տնօրէն նշանակման դէմ:
Անոնք բարձրացուցած էին իրենց զաւակներուն լուսանկարները եւ պաստառներ, որոնք կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէին` իր որոշումէն ետդարձ կատարելու:


