Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ Հեռաձայնեց Նախագահ Աունին

January 17, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ժահժահ հեռաձայնած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին եւ զինք շնորհաւորած նախագահի պաշտօնի ստանձնման միամեակին առիթով` նշելով, որ այս տարին իսկական մեկնարկը եղաւ պետութեան վերատիրացման հոլովոյթին եւ զայն ճիշդ ուղիի վրայ դնելուն` հասնելու համար իրողական ու կարող պետութեան:

Ժահժահ բարձր գնահատած է նախագահ Աունի իր ընտրութեան միամեակին առիթով արտայայտած կեցուածքները, որոնք անոր երդման ճառին շարունակութիւնը եղած են, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի զէնքը եւ պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումը պետութեան մենաշնորհը դարձնելուն:

Հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը առիթ եղած է քննարկելու շրջանի կացութիւնը: Զրոյցի ընթացքին շեշտը դրուած է Լիբանանը շրջանային տագնապներէն զերծ կացուցելու անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու համար անոր կայունութիւնը, անվտանգութիւնն ու անոր ժողովուրդի շահերը:

Քննարկուած են նաեւ շարք մը ներքին թղթածրարներ` նախ եւ առաջ երեսփոխանական ընտրութիւնները, զանոնք իրենց ժամանակին կատարելու եւ արտերկրի մէջ բնակող քաղաքացիներուն խորհրդարանի բոլոր անդամներուն իրենց բնակած վայրերուն մէջ քուէարկելու կարելիութեան տրամադրման անհրաժեշտութիւնը:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Շէյխ Խաթիպ. «Անհրաժեշտ Է, Որ Թշնամիի Ուժերը Հեռանան Լիբանանեան Հողերէն, Եւ Տեղահանուածները Իրենց Հողերը Վերադառնան»

RelatedPosts

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք  Այլընտրանքային Հսկողութեան  Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Այլընտրանքային Հսկողութեան Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի

November 11, 2026
Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք  Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն  Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը  Չթիրախաւորելու»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը Չթիրախաւորելու»

November 11, 2026
Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային  Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց
Լիբանանեան

Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.