Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 20, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.» եւ «Էլ.Պի.Սի.» հաղորդեցին. «Բանակի հրամանատարի Ուաշինկթըն այցելութեան թուական ճշդուեցաւ 3-էն 5 փետրուարը»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովներուն շուրջ տակաւին անորոշութիւն կը տիրէ, մանաւանդ որ ժողովի երեքշաբթի կամ հինգշաբթի օրուան թուականը հաստատ չէ: Ժողով գումարելու պարագային յանձնախումբը միայն իր զինուորական  բաժինով ժողով պիտի գումարէ, առանց քաղաքայիններու ներկայութեան»:

. «ԱՆՊԱ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «անցնող շաբաթներուն ընթացքին ֆրանսացի, քաթարցի, եգիպտացի եւ Հըզպալլայէն պատասխանատուներու միջեւ հաղորդակցութիւններ ու հանդիպումներ տեղի ունեցան վերջինիս դիրքորոշումը մեղմացնելու եւ Լիբանանը որեւէ մեծ հարուածէ մը զերծ կացուցելու համար, սակայն կուսակցութիւնը, թէեւ իր դիրքորոշումը բացատրեց, սակայն յստակ զիջումներ չկատարեց»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Շիի երկեակին Լիթանիէն հիւսիս զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի նկատմամբ դիրքորոշումը համապարփակ մօտեցում մըն է, որ ապահովական նեղ շրջանակէն կ՛անցնի քաղաքական ու գերիշխանական ամբողջական մօտեցումի մը, որ հիմնուած է այս թղթածրարը ազգային պաշտպանութեան հաւասարակշռութեան անբաժանելի մէկ մասը նկատելու վրայ»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Շէյխ Քասեմին բարձր նշաձողով խօսքը ուղղակի արդիւնք է Թեհրանի մէջ զարգացումներու արդիւնքին նկատմամբ գոհունակութեան, սակայն անկասկած, Լիթանի գետէն հիւսիս գտնուող զէնքի ճակատագիրի վերաբերեալ լայն քաղաքական փոխըմբռնման հասնելու կարելիութիւն չ՛ենթադրեր»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Կառավարութիւնը արտաքին գործոց նախարար Ռաժժիէն պիտի պահանջէ իր արտայայտած կեցուածքներուն մէջ նկատի ունենալ ներկայ կացութիւնը` մեկնելով ներքին կացութեան վատթարացման նկատմամբ մտավախութենէն, սակայն զինք պիտի չլռեցնէ կամ պիտի չփոխէ»:

. ԱԿԱՆԱՒՈՐ երեսփոխանական աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Հըզպալլան ուշադրութեամբ կը հետեւի վերջին հաղորդակցութիւններու ծիրին ընդլայնման, որ ներառեց քաղաքական ու երեսփոխանական ղեկավարութիւններ, որոնց հետ առաջին անգամ ըլլալով արաբական եւ շրջանային մակարդակով կապ կը հաստատուի, եւ թէ այդ մէկը ի՛նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ընտրութիւններուն եւ ընտրական դաշինքներուն վրայ»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Ելեկտրականութեան մատակարարման համար վարձուած թրքական նաւերու հարցը դարձեալ ի յայտ եկաւ, երբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանները որոշեցին դատական հաշուեքննութիւն պահանջել: Քննչական կոմիտէի եւ պետական գնումներու մարմինէն աղբիւրներ կը յայտնեն, որ այս գործին մէջ միջնորդավճարային գայթակղութիւններ կան»:

Նախորդը

Նշմար. Ճիշդ Պահը Եւ Ճիշդ Որոշումը

Յաջորդը

Սէյիտ Ֆատլալլա. «Թշնամիին Լիբանանէն Ուզածը Զինաթափումէն Աւելին Է»

RelatedPosts

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի.  «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն  Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի. «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»

January 20, 2026
Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ
Լիբանանեան

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

January 20, 2026
Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան  Արաբ Նախարարներու Նիստը Աւարտեցաւ
Լիբանանեան

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Արաբ Նախարարներու Նիստը Աւարտեցաւ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.