ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ լայն քննարկում ունեցաւ Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութեանց շուրջ:
Խորհրդարանի նախագահը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներուն նկատմամբ` դիտել տալով, որ միայն լիբանանցիներու միաւորումն է, որ կրնայ պահել Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու թշնամիին դէմ ծառանալու կամքն ու ոգին:
Անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանին մէջ անհեռանկար զարգացումներուն, ուր խորհրդարանի նախագահը շեշտեց այդ զարգացումներուն ի տես լիբանանցիներու զգօնութեան պատասխանատուութեան պարտաւորութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի մայիսեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Պըրրի շեշտեց այդ ընտրութիւնները ի զօրու եղող ընտրական օրէնքին հիմամբ կայացնելու իրականութիւնը, եւ այս գծով կառավարութեան պարտաւորութիւնը` դիտել տալով, որ անմիջապէս որ կը կատարուի ամավարկի վաւերացումը, խորհրդարանի խառն յանձնախումբերու եւ ընդհանուր նիստերու հրաւէր պիտի ուղղուի:


