Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի. «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»

January 20, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին: Քննարկուեցաւ լիբանանեան բեմի կացութիւնը:

Տար Ֆաթուայի գրասենեակը հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին ընդգծուած է լիբանանեան բանակին նկատմամբ աջակցութիւնը` շեշտը դնելով զէնքի մենաշնորհման եւ բանակի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայման վրայ, որ կ՛ամրապնդէ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ պետութեան գերիշխանութիւնը: Անոնք ընդգծած են նաեւ, որ բանակը հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան համար միակ երաշխիքը, ապահովական եւ զինուորական գրաւն է:

Անոնք աւելցուցած են, որ բանակին տեղակայումը կը վերականգնէ պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը եւ քաղաքացին ապահովութիւն ու կայունութիւն կը զգայ, ինչպէս նաեւ միջազգային օժանդակութեամբ վերաշինութիւնը կ՛արագացնէ:

«Լիբանանի փրկութիւնը եւ կանգնումը միայն լիբանանեան ամբողջ տարածքին մէջ զէնքի վերջնական մենաշնորհումով է, զայն պետութեան մենաշնորհը դարձնելով, բարեկարգումները շարունակելով, իշխանութեան ու կառավարութեան աջակցելով, կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի գործադրութեան շտապելով, գործընթացները իրենց ժամկէտին կատարելով, սահմանադրութիւնն ու Թաէֆի համաձայնագիրը յարգելով եւ լիբանանցիներուն միասնականութիւնը ամրապնդելով է», շեշտած են անոնք:

Պուխարի Սէուտական Արաբիոյ նախանձախնդրութիւնը յայտնած է Լիբանանի անվտանգութեան ու կայունութեան նկատմամբ եւ նշած, որ թագաւորութիւնը կը կանգնի լիբանանեան պետութեան, անոր հաստատութիւններուն ու ժողովուրդին կողքին, եւ պիտի չհրաժարի իր աջակցութենէն ու «իր եղբայրներուն նկատմամբ եղբայրական դերակատարութենէն»:

Ան ընդգծած է Տար Ֆաթուայի հետ իսլամական եւ ազգային հարցերու շուրջ ամուր յարաբերութիւնները:

Հանրապետութեան միւֆթին իր կարգին յոյս յայտնած է, որ քաղաքական ու ապահովական կարգաւորում տեղի կ՛ունենայ` գնահատելով Հնգեակ յանձնախումբի աշխատանքն ու Լիբանանին եւ իր տագնապէն դուրս գալու անոր օգնելու, զայն իսրայէլեան յարձակումի ընդլայնման վտանգներէն զերծ կացուցելու համար իւրայատուկ ջանքերը:

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

Յաջորդը

Նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Քրիստոնեայ Համայնքներու Հոգեւոր Պետերուն. Բացումը Կատարուեցաւ Քրիստոնէական Միութեան Աղօթքի Շաբթուան

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Բացարձակապէս Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Հողերը Օգտագործուին Արաբ Եղբայրներէն Ոեւէ Մէկը Թիրախաւորելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Բացարձակապէս Պիտի Չարտօնէ, Որ Իր Հողերը Օգտագործուին Արաբ Եղբայրներէն Ոեւէ Մէկը Թիրախաւորելու»

February 14, 2026
Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Իրենց Ժամկէտին Կատարման Կառչած Եմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Իրենց Ժամկէտին Կատարման Կառչած Եմ»

February 14, 2026
Հաժժար. «Շնորհակալութիւն Բոլորին,  Որոնք Նպաստեցին Ընտրական  Հոլովոյթի Յաջողութեան»
Լիբանանեան

Հաժժար. «Ընտրութիւնները Պիտի Կայանան Իրենց Ժամկէտին` Անոնց Շուրջ Բարձրացող Աղմուկէն Անկախ»

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.