Սալամ. «Մօտ Օրէն Ռիատի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Համաձայնութիւններ Պիտի Կնքենք»
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհանի հետ քննարկեցի Լիբանանի զարգացումները»: «Մօտ օրէն Ռիատի մէջ Սէուտական Արաբիոյ հետ համաձայնութիւններ պիտի կնքենք», յայտարարեց ան: Սալամ Տաւոսի մէջ ժողով գումարեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանին հետ եւ զայն տեղեակ պահեց կառավարութեան բարեկարգչական աշխատանքներուն ու լիբանանեան բոլոր հողերուն տարածքին զէնքի...




















