Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ասաս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Սէուտցիները կը շեշտեն, որ որոշումը լիբանանեան պետութեանը ըլլայ, այսինքն` հիմնուած ըլլայ երդման ճառին ու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի գործադրութեան վրայ, եւ մենք անոնց գործադրութեան հետ ենք: Այս է մեր դիրքորոշումը»:
Ան լիբանանեան հարցով սէուտցի յատուկ պատուիրակ Եզիտ Պըն Ֆարհան իշխանին հետ իր հանդիպումին մասին խօսելով նշեց. «Հոյակապ ու դրական էր»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այդ հանդիպումի ընթացքին շրջանային կացութեան, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի յարաբերութիւններու վատթարացման անդրադարձ կատարուա՞ծ է, խորհրդարանի նախագահը ըսաւ. «Իմացանք Քաթարի եւ Օմանի հետ ամերիկեան կողմին մօտ պատերազմը արգիլելու համար անոնց թափած ջանքերուն մասին»:
Ինչ կը վերաբերի այդ առնչութեամբ թրքական դերակատարութեան մը մասին տեղեկութիւններուն, ան նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ Թեհրանին զօրակցող ցոյցեր տեղի ունեցան:
Ինչ կը վերաբերի «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովներու սառեցման պատճառներուն, Պըրրի նշեց. «Իսրայէլ չ՛ուզեր 27 նոյեմբեր 2024 թուականի թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութիւնը գործադրել, թէեւ համաձայնութիւնը ամերիկացիներուն, ֆրանսացիներուն եւ ՄԱԿ-ի հետ էր»:
Պըրրի այն տպաւորութիւնը յայտնեց, որ միայն Լիբանանը սպասողական վիճակի մէջ չէ, «այլ ամբողջ շրջանը անկայուն վիճակի մէջ է»` շրջանի շարք մը երկիրներուն մէջ տագնապներուն մէջ արձանագրուած զարգացումներուն պատճառով:
Ինչ կը վերաբերի ամերիկեան-իրանեան դիմակայման կամ երկու պետութիւններուն միջեւ բանակցութիւններուն Լիբանանի վրայ ունենալիք ազդեցութեան, խորհրդարանի նախագահը արագօրէն պատասխանեց. «Այս առնչութեամբ զերօ արդիւնքներ: Շրջանային մակարդակի վրայ ինչ ալ պատահի, Լիբանանի մէջ ոչինչ առաջ կը շարժի առանց համաձայնութեան: Երկիրին մէջ դռնապանի մը նշանակումը համաձայնութեան կը կարօտի»:
Անդրադառնալով խորհրդարանական ընտրութիւններուն` Պըրրի նշեց. «Չկայ պատճառ մը, որ անոնք չկայանան: Իսկ մինչեւ յառաջիկայ յունիս երկու ամիսով յետաձգումը եթէ կատարուի, յետաձգում չէ»:


