Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու միջազգային օրուան առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Ռայա Հասան երէկ ներկայ գտնուեցաւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու Ֆըրն Շըպպեքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութեան:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Հասան խօսքը ուղղելով Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն յայտնեց, որ Լիբանան կը հպարտանայ իրենցմով եւ անոնց կը վստահի` պաշտպանելու լիբանանեան ընկերութեան կայունութիւնը:
Հասան քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն խոստացաւ, որ բարոյական իրենց գնահատանքը վերածուի գործնականի, «որովհետեւ դուք արժանի էք լաւագոյնին», ըսաւ ան:
Ռայա Հասան նկատել տուաւ, որ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն պիտի յատկացնեն 16 մոթորսիքլեթներ, ինչպէս նաեւ հիւանդատարներ` դիւրացնելու համար Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն առաքելութիւնը:
Ռայա Հասան շեշտեց, որ կը պահանջուի անյապաղ բարեկարգումներով պաշտպանել Լիբանանի կայունութիւնը` աւելցնելով, որ նորակազմ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ այդ աշխատանքը կատարելու եւ բարգաւաճման ուղին չխոչընդոտելու:



