Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Կը Մերժէ Բրիտանիոյ Որոշումը

Մարտ 4, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն կարգին դասելու Բրիտանիոյ որոշումին իբրեւ հակազդեցութիւն, Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Հըզպալլա իսրայէլեան բռնագրաւումին դիմադրող շարժում մըն է` հաստատելով, որ ահաբեկչութեան զօրակցող եւ զայն ֆինանսաւորող ոչ մէկ պետութիւն իրաւունք ունի Դիմադրութեան որեւէ շարժում ահաբեկչութեամբ ամբաստանելու:

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, թէ բրիտանական այս որոշումը ամերիկեան վարչակազմին հետեւելու փորձ մըն է, որ կը փաստէ, որ բրիտանական կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու հետեւորդ է եւ Ուաշինկթընի կառավարիչները գոհացնելու համար կը շահի շրջանի ժողովուրդներուն թշնամանքը:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ, որ Բրիտանիոյ այս ամբաստանութիւնը չի կրնար ազդել անկախ բրիտանացիներուն վրայ, որոնք գիտեն, թէ շրջանին մէջ ո՛վ զօրակցած է ահաբեկչութեան եւ ֆինանսաւորած զայն, եւ տակաւին կը շարունակէ հովանաւորել ահաբեկչական արարքները` Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եմէնի մէջ:

«Հըզպալլա, որ կը դիմադրէ իսրայէլեան բռնագրաւումին, տակաւին կը շարունակէ պայքարիլ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հողերուն, ջուրերուն ու բնական հարստութիւններուն տիրանալու իսրայէլեան ախորժակներուն դէմ: Ոչ ոք պիտի արգիլէ մեզի պաշտպանել Լիբանանի ազատութիւնն ու անկախութիւնը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Հըզպալլայի դէմ Բրիտանիոյ որոշումը` ընդգծելով, որ անիկա ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու Հըզպալլայի կորովին վրայ:

Իրանի խորհրդարանի նախագահի միջազգային հարցերու անձնական օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահիան յայտնեց, որ Բրիտանիոյ համար լաւագոյնը պիտի ըլլայ այն, որ ան Հըզպալլայի փոխարէն իրեն դաշնակից կարգ մը երկիրներ նկատի ունենայ ահաբեկչութեան ցուցակին վրայ:

Միւս կողմէ սակայն, Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարը կոչ ուղղեց Եւրոպական Միութեան եւ այլ երկիրներու` Հըզպալլան ահաբեկչութեան ցուցակին վրայ ներառելու:

 

 

Նախորդը

Ուահապ. «Էրտողան Թուրքիան Վերածած Է Հսկայ Բանտի Մը»

Յաջորդը

Թունուզի Մէջ. Ռայա Հասան Կը Մասնակցի Արաբ Ներքին Գործոց Նախարարներու Խորհրդաժողովին

RelatedPosts

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան  Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան,  Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր  Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան, Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»

Օգոստոս 21, 2025
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Շիի Համայնքը Հըզպալլայի Մօտ Պատանդ Է, Եւ Քաղաքացիական Պատերազմի Մասին Խօսողը Զայն Յառաջացնելու Մտադրութիւնը Ունի»

Օգոստոս 21, 2025
Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան  Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?