Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները` կեդրոնանալով փտածութեան դէմ պայքարելու կարեւորութեան վրայ:
Հանդիպումէն ետք Շքէյր շեշտեց, որ ինք կը մերժէ ամէն ձեւի եւ տեսակի փտածութիւն` հաստատելով, որ բոլորը պէտք է յանձնառու մնան փտածութեան դէմ պայքարին:
Շքէյր շեշտեց, որ ինք պիտի խոստանայ կատարել այն աշխատանքները, որոնք իր կարողութիւններու սահմաններուն մէջ են:
Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Նուհատ Մաշնուք: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւները:



