Փտածութեան դէմ պայքարի մեկնարկին եւ առաջին հերթին 11 միլիառ տոլարի թղթածրարին լոյսին տակ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շաբաթավերջին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որ տեղի ունեցաւ լրագրողներու սենտիքային մէջ, ներկայութեամբ` երեսփոխան Պահիա Հարիրիի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ներկայ եւ նախկին պետական պաշտօնատարներու:
Մամլոյ ասուլիսին նպատակն էր պատասխանել Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի ներկայացուցած այն հաշիւներուն եւ փաստաթուղթերուն, որոնք կը վերաբերէին 2006-2009 տարիներուն ընթացքին մսխուած 11 միլիառ տոլարի գումարին:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սինիորա յայտնեց, որ մեծագոյն փտածութիւնն ու չարիքը քաղաքական փտածութիւնն է, իսկ քաղաքական փտածութեան վատագոյն մարմնաւորումը այն է, որ ոմանք պետութեան մէջ ստեղծեն իրենց փոքր պետութիւնները եւ այդպէս կը գոյատեւեն:
Ապա Սինիորա երկար ու մանրամասն բացատրութիւն տուաւ այդ տարիներուն ընթացքին մսխուած գումարներուն մասին, որոնք կը վերաբերէին ելեկտրականութեան, սղաճին, պետական գանձարկղի նիւթական բացին եւ այլ հարցերու:
Սինիորա ընդգծեց, որ մսխուած այդ գումարը օրինական է, ըստ խորհրդարանի որոշումին, իսկ այդ իմաստով բոլոր հաշիւները առկայ են:
Սինիորա շեշտեց, որ այդ հաշիւներուն մասին իր ներկայացուցած փաստաթուղթերը յանձնուած են ելեւմուտքի նախարարութեան:
«11 միլիառ տոլարի թղթածրարը մատնոց չլեցնող թղթածրար մըն է, եւ այդ մասին ամբողջական ուսումնասիրութիւն մը պատրաստուած է, որպէսզի բոլորին համար յստակ ըլլայ», եզրափակեց Սինիորա:
Մամլոյ ասուլիսէն ետք Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպաններ Ուալիտ Պուխարին եւ Համատ Սուէյտ Շամիսին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, պատասխանելով Սինիորային, շեշտեց, որ իրենք սկիզբէն ի վեր լիբանանեան պետութեան հաշիւներու թղթածրարը նկատի ունեցած են իր օրինական շրջագիծին մէջ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական քննչութեան իրենց պատասխանատուութիւնները կատարած են` գործադիր իշխանութեան աշխատանքին ծիրին մէջ:
Ան հաստատեց, որ հաշուապահական առումով լիբանանցիներուն դաս տալու ժամանակը վերջ գտած է արդէն` աւելցնելով, որ Սինիորա չի կրնար լիբանանցիներուն վերաբերող նիւթական ու դատական հարց մը քաղաքականացնել եւ լիբանանցիներուն վստահութիւնը վայելող արժանապատիւները փտածութեամբ ամբաստանել:
«Այս ոճը ոչ մէկ ձեւով կը տկարացնէ փտածութեան ու մսխումին դէմ օրինական կերպով պայքարելու մեր կամքն ու կորովը, իսկ քաղաքական ու համայնքային անձեռնմխելիութեան ետին թաքնուելու փորձերը ապարդիւն դուրս պիտի գան», ըսաւ ան:
Ֆատլալլա վերահաստատեց պետական գանձարկղէն գումարներ մսխելու Սինիորայի ամբաստանութիւնը` շեշտելով, որ ոչ ոք, իբրեւ անհատ, կրնայ 11 միլիառ տոլար մսխել առանց օրինական բացատրութեան, որովհետեւ այդ մէկը հակասահմանադրական է: «Ամէն պարագայի անպարտ ըլլալու իրականութիւնը փաստելու ամէնէն կարճ եւ ապահով ճամբան դատական իշխանութիւնն է», եզրափակեց Ֆատլալլա:



