Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 4, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երեքշաբթի, 26 մարտ 2019-ին պիտի այցելէ Մոսկուա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ռուս պետական անձնաւորութիւններու հետ: Նշենք, որ նախագահ Աուն շաբաթավերջին ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի` գնացքի արկածին պատճառած զոհերուն սուգին առիթով եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի ընդունեց Ժամաա Իսլամիէի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ազզամ Այուպիի եւ ընկերակցութեամբ նախկին երեսփոխան Իմատ Հութի եւ Պասսամ Համուտի: Հանդիպումէն ետք Հութ կոչ ուղղեց փտածութեան դէմ պայքարը մղելու` լրատուական մարզէն հեռու:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի որոշումով, գնդապետ-զօրավար Ալի Թահա Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ծառայող ներքին ապահովութեան ուժերու պետ նշանակուեցաւ: Այս որոշումը տրուեցաւ վերջերս Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ մաքսատան ոստիկաններուն միջեւ արձանագրուած հարցին լոյսին տակ: Նշեալ դէպքէն ետք Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին պետ գնդապետ-զօրավար Պիլալ Հաժժար ինքզինք դրած էր ներքին ապահովութեան ուժերու տնօրէնութեան տրամադրութեան տակ:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Պու Սաապ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը գործէ իր իրաւասութիւններուն շրջագիծին մէջ եւ յանձնառու կը մնայ այլոց իրաւասութիւններուն:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամիլ Ժապաք այցելեց Հերմելի պետական հիւանդանոց, ուր յայտնեց, որ այս պարագային առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ հիւանդանոցի սրտանօթային հիւանդութիւններու բաժանմունքը բարելաւել: «Ի՛նչ որ խոստանանք, բառացիօրէն պիտի գործադրենք», ըսաւ ան:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մայ Շիտիաք ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Շիտիաք շնորհակալութիւն յայտնեց Լազարինիի` Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի իրականացուցած բոլոր նուաճումներուն համար: Քննարկուեցան նաեւ ապագայ ծրագիրներ:

ԱՐՏԱՔԻՆ առեւտուրի նախարար Հասան Մըրատ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիայի հետ: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարի հերոսը դատական իշխանութիւններն են` հաստատելով, որ կարելի չէ տնտեսական պերճանք ակնկալել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի ընդգծեց, որ օրէնքին գործադրութիւնը կը ծառայէ իբրեւ փտածութեան դէմ պայքարի չափանիշ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա շեշտեց, որ փտածութեան դէմ շատ խօսիլը կը խոչընդոտէ փտածութեան դէմ պայքարելու արշաւը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը կը սկսի Ելեկտրականութեան վարչական խորհուրդ մը նշանակելով:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը պէտք է ըլլայ թափանցիկ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ իրեն համար յստակ չէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը փափաքի՞ քաղաքական ուժերը երկխօսութեան հրաւիրել` Հըզպալլայի զէնքի հարցը քննարկելու նպատակով:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` կուսակցութեան հիմնադիր Անթուն Սաատէի ծննդեան տարեդարձին առիթով: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ Լիբանանի սահմանադրութիւնը գործադրելու, համայնքային դրութիւնը ջնջելու եւ քաղաքացիական պետութիւն կերտելու կարեւորութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի Թրիփոլի կատարած իր այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլա պէտք է իր փտածութեան մասին մտածէ` այլոց դէմ ամբաստանութիւններ արձակելու փոխարէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի հաստատեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի Թեհրան կատարած այցելութիւնը բնական է եւ սովորական` նկատի ունենալով սուրիական-իրանեան երկկողմանի ամուր յարաբերութիւնները:

 

Նախորդը

Պու Թաֆլիքա` Կրկին Նախագահական Թեկնածու

Յաջորդը

Ուահապ. «Էրտողան Թուրքիան Վերածած Է Հսկայ Բանտի Մը»

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 21, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?