Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թունուզի Մէջ. Ռայա Հասան Կը Մասնակցի Արաբ Ներքին Գործոց Նախարարներու Խորհրդաժողովին

March 4, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան շաբաթավերջին մեկնեցաւ Թունուզ` մասնակցելու համար արաբ ներքին գործոց նախարարներու 36-րդ խորհրդաժողովին:

Հասան ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կազմեցին Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, գնդապետ-զօրավար Էլի Պայսարի եւ սպաներ:

Հասան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Թունուզի ներքին գործոց նախարար Հիշամ Ֆուրաթիի կողմէ:

Խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Հասան անդրադարձաւ Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներուն միջեւ ապահովական մարզի գործակցութեան անհրաժեշտութեան` յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով:

Հասան ընդգծեց նաեւ արաբ ներքին գործոց նախարարներուն միջեւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Հասան անդրադարձաւ, որ Լիբանան ահաբեկչութեան դէմ պատերազմէն յաղթանակ դուրս եկած է` շեշտելով, որ ապահովական կառոյցները մեծ նուաճումներ իրագործած են նաեւ ահաբեկչութիւնը կանխարգիլելու շրջագիծին մէջ:

«Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուած է, եւ արաբ մեր եղբայրները կրնան փարատել իրենց մտահոգութիւնները եւ ի մտի ունենալ, որ Լիբանան կ՛ողջունէ իրենց այցելութիւնը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարին` Հասան շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ տեղահանուածներու տունդարձին` աւելցնելով, որ անիկա պէտք է ըլլայ արաբական եւ միջազգային առաջնահերթութիւն:

Նշենք, որ Հասան Թունուզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ սէուտցի իր պաշտօնակիցին Ապտելազիզ պըն Սէուտ պըն Նայէֆ Ապտելազիզ Ալ Սէուտի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Հասան շեշտեց, որ Սուրիոյ պատերազմին իբրեւ հետեւանք Լիբանան հասած տեղահանուածները հիւրընկալ երկիրներուն համար վերածուած են տնտեսական, ապահովական եւ ընկերային լուրջ մարտահրաւէրներու:

«Կը վերահաստատենք, որ սուրիացի տեղահանուածներուն վերադարձը պէտք է ըլլայ արաբական եւ միջազգային առաջնահերթութիւն», ըսաւ Հասան:

ՄԻՒՍ կողմէ, նախարար Հասանի որոշումով, երէկ ապահովութեան ուժերը վերցուցին այն քարերը, որոնք Պէյրութի մէջ փակած էին Քանթարիէն Համրա տանող ճամբան:

 

Նախորդը

Հըզպալլա Կը Մերժէ Բրիտանիոյ Որոշումը

Յաջորդը

Սինիորա Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին Փտածութեամբ Կ՛ամբաստանէ Հըզպալլան, Իսկ Ֆատլալլա Կը Պատասխանէ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.