Լիբանանեան

Արաբական-Եւրոպական Խորհրդաժողով.  Հարիրի. «Եւրոպական Երկիրները Հաստատեցին,  Որ Պիտի Շարունակեն Աջակցիլ Լիբանանի»

Արաբական-Եւրոպական Խորհրդաժողով. Հարիրի. «Եւրոպական Երկիրները Հաստատեցին, Որ Պիտի Շարունակեն Աջակցիլ Լիբանանի»

24 փետրուարին Եգիպտոսի մէջ բացումը կատարուեցաւ Արաբական-եւրոպական խորհրդաժողովին` Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի  կողմէ, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է արաբական եւ եւրոպական աւելի քան 50 երկիրներու նախագահներու, վարչապետներու, արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեան առումով, եւ որուն նպատակն է քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, ապահովական, կենսոլորտային բնագաւառներուն մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու առումով համագործակցութեան եզրեր գտնել: Խորհրդաժողովին կը մասնակցի նաեւ Լիբանան` վարչապետ Սաատ...

Նախագահ Աուն. «Մարդ Օրհնեալ Է,  Եթէ Կամք Ունի Աստուծոյ  Սէրը Գործնականացնելու»

Նախագահ Աուն. «Մարդ Օրհնեալ Է, Եթէ Կամք Ունի Աստուծոյ Սէրը Գործնականացնելու»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ` 25 փետրուարին այցելեց Անթիլիասի մէջ գտնուող «Մեզոն տէօ վի» կեդրոն` ընդառաջելով հրաւէրին անոր հիմնադիրին, աբբահայր Ուիսամ Մաալուֆին: Հանրապետութեան նախագահը մօտէն եւ մանրամասնութեամբ հետեւեցաւ կեդրոնին մէջ տարուած բարեսիրական աշխատանքներուն, ծաւալած մարդասիրական գործունէութեան: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախագահ Աուն դրուատեց կեդրոնի անդամներուն տարած աստուածահաճոյ գործը եւ դիտել տուաւ, որ Աստուած սէր է, իսկ եթէ...

Եւրոպական Միութիւնը Հասկացողութիւն  Կը Ցուցաբերէ Լիբանանի Կեցուածքին Նկատմամբ`  Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Հարցով

Եւրոպական Միութիւնը Հասկացողութիւն Կը Ցուցաբերէ Լիբանանի Կեցուածքին Նկատմամբ` Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Հարցով

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ` 25 փետրուարին ընդունեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթինա Լասընը: Քննարկումի նիւթ եղան սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները` դիւանագիտական, քաղաքական եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ: Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտարարեց, թէ երկուստեք հաստատած են, որ Միջերկրականի երկու ափերուն պէտք է...

Զբօսաշրջային Ծրագիրներու Մշակում`  Աշխուժութեան Վերականգնումի Նպատակով

Զբօսաշրջային Ծրագիրներու Մշակում` Աշխուժութեան Վերականգնումի Նպատակով

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ` 25 փետրուարին ընդունեց Սրճարաններու, գիշերային զբօսավայրերու եւ անուշավաճառներու սենտիքայէն պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Թոնի Ռամիի. անոնք ունեցան երկարատեւ տեսակցութիւն մը: Հանդիպումին մասնակիցները մշակեցին զբօսաշրջային աշխատանքային ծրագիր մը, որուն մէջ նկատի առնուեցաւ յատկապէս այս բնագաւառին վերաբերող օրէնքներու արդիականացումը: Քննարկուեցաւ նաեւ այն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է Լիբանանի զբօսաշրջային քարոզչութիւնը կատարել, որպէսզի այս մարզին մէջ եռուզեռն ու աշխուժութիւնը աւելնայ,...

Պըրրի. «Կառավարութիւնը  Դատապարտուած Է Աշխատելու»

Պըրրի. «Կառավարութիւնը Դատապարտուած Է Աշխատելու»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիյա»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ նորակազմ կառավարութիւնը դատապարտուած է լուրջ աշխատանք տանելու: Ան խուսափած է խօսելէ կառավարութեան նիստին տիրած փոթորկոտ մթնոլորտին մասին եւ պարզապէս ըսած է. «Սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը պէտք է լուծուի ամէնէն արագ միջոցին, մեր կեցուածքը  յստակ ու բացայայտ է այս առնչութեամբ եւ լուծման մասին խօսած ենք: Ինչ կը վերաբերի կառավարութեան, ապա...

Սուրիայէն Տեղահանուածներու Տունդարձի Թղթածրարը` Լիբանանեան Հակասութիւններու Առանցք

Սուրիայէն տեղահանուածներու թղթածրարը շաբաթավերջին շարունակեց իր վրայ հրաւիրել լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնն ու քաղաքական եւ հոգեւոր գործիչներու յայտարարութիւններուն առանցքը հանդիսանալ: Արդարեւ, տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ զրուցելով յայտնած է, որ «ոմանց մերժումը` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին, ունի քաղաքական անորոշ պատճառներ»` աւելցնելով, թէ «սուրիական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է անհրաժեշտ դիւրութիւնները տալու, որպէսզի տեղահանուածները իրենց երկիրը վերադառնան»: Անդրադառնալով ամերիկեան...

Սաատ Հարիրիի Եւ Ուալիտ Ժոմպլաթի  Հանդիպումը` Դրական

Սաատ Հարիրիի Եւ Ուալիտ Ժոմպլաթի Հանդիպումը` Դրական

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիյա»-ին յայտնած են, որ 21 փետրուարին տեղի ունեցած  Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հանդիպումը ո՛չ միայն դրական, այլ նաեւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կայացած է: Երկու անձնաւորութիւնները անդրադարձած են առկախ բազմաթիւ հարցերու, յատկապէս անոնց, որոնք վարչապետին մեղադրանքներ կ՛ուղղեն, եւ կարելի եղած է ամէն ինչ յստակացնել: Նոյն աղբիւրները դիտել տուած են, որ...

Ռայի Պատրիարք. «Կառավարութեան Նիստին  Նախագահ Աունի Կեցուածքը Պատուաբեր Էր»

Ռայի Պատրիարք. «Կառավարութեան Նիստին Նախագահ Աունի Կեցուածքը Պատուաբեր Էր»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարք երէկ այցելեց նախագահական պալատ եւ հանդիպում ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Տեսակցութենէն ետք պատրիարքը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, թէ եկած է շնորհակալութիւն յայտնելու նախագահին, որովհետեւ ան ամէն առիթի ներկայացուցիչներ կ՛ուղարկէ, ինչպէս նաեւ շնորհաւորելու անոր տարեդարձը` մաղթելով, որ շարունակէ ղեկավարել այս երկիրը: Ըստ անոր, զրոյցին առանցքները հանդիսացած են երկիրը մտահոգող կարեւոր թղթածրարներ,...

Ամերիկացի Ծերակուտական Ճէյմս Լանքֆորտ Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ` 22 փետրուարի կէսօրին ընդունեց ամերիկացի ծերակուտական Ճէյմս Լանքֆորտը, որուն կ’ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ: Քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող տարբեր հարցեր, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնը: Վարչապետին այցելեց նաեւ  գաղթականներու հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլա, որ յայտարարեց, թէ այս տեսակցութիւնը կը միտի Հարիրին տեղեակ պահել գաղթականներու թղթածրարի մօտալուտ փակման մասին, որովհետեւ Լիբանանի մէջ...

Պըրրի. «Խորհրդարանը Կառչած Է Վստահութեան Նիստին Յայտարարուած Բարեկարգման Եւ Փտածութեան Դէմ Պայքարին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ` ուրբաթ, 22 փետրուարին, ընդունեց Միջազգային դրամատան շրջանային ղեկավար Սարուժ Քոմարժահը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի վերաբերող այն ծրագիրները, որոնց գործադրութեան կ՛օժանդակէ դրամատունը, յատկապէս` ջուրի, ելեկտրականութեան եւ այլ մարզերու վերաբերող: Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ խորհրդարանը կառչած կը մնայ վստահութեան նիստին յայտարարուած բարեկարգումներ կատարելու եւ փտածութեան դէմ պայքարելու արշաւին, որուն համար ամսական դրութեամբ ժողովներ պիտի գումարէ, հետեւի աշխատանքներուն: ...

Ռայա Հասան Ընդունեց  Ֆրանսայի Դեսպանը

Ռայա Հասան Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ռայա Հասան հանդիպում ունեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդի մէկ պատուիրակութեան հետ, զոր կը գլխաւորէր դատաւոր Նետիմ Ապտել Մալաք, որ տեսակցութենէն ետք յայտարարած է, որ նախարարը շնորհաւորած են իր պաշտօնին համար, ինչպէս նաեւ անոր յանձնած են մանրամասն տեղեկագիր մը, որ հիմնուած է իրենց կատարած աշխատանքներուն ամփոփումին վրայ: Հանդիպումէն ետք Ապտել Մալաք յայտնեց, որ այս հիման...

Նախագահ Աուն. «Մեծ Յոյսեր Կան  Այս Կառավարութենէն, Ուստի Մեծ Է  Անոր Պատասխանատուութիւնը»

Նախագահ Աուն. «Մեծ Յոյսեր Կան Այս Կառավարութենէն, Ուստի Մեծ Է Անոր Պատասխանատուութիւնը»

Կառավարութիւնը երէկ` հինգշաբթի, 21 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Նախքան նիստը նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին խորհրդակցեցան նախարարաց խորհուրդին քննարկելիք 103 կէտերէ բաղկացած օրակարգին շուրջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձան վերջին իրադարձութիւններուն: Նախագահ Աուն շնորհաւորեց կառավարութիւնը իր ստացած վստահութեան համար` հաստատելով, որ...

Ժոմպլաթ Հարիրիի Կ՛այցելէ

Ժոմպլաթ Հարիրիի Կ՛այցելէ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ` հինգշաբթի, 21 փետրուարի երեկոյեան ընթրիքի հիւրը եղաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Հանդիպումէն առաջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան յայտնեց, որ ամենայն հանդարտութեամբ վարչապետին հետ պիտի քննարկէ նիւթեր, որոնց մէկ մասին գծով համաձայնութիւն կայ իրենց միջեւ, իսկ մնացեալներուն` տարակարծութիւն: Ան նաեւ յայտնեց, որ անհիմն են շրջան ընող տարաձայնութիւնները` այս հանդիպումին մասին, եւ որ անոնք...

Սահմանադրական Խորհուրդը Իր Անդամներուն  Մեծամասնութեամբ Տիմա Ժամալիի  Երեսփոխանութիւնը Չեղեալ Յայտարարեց

Սահմանադրական Խորհուրդը Իր Անդամներուն Մեծամասնութեամբ Տիմա Ժամալիի Երեսփոխանութիւնը Չեղեալ Յայտարարեց

Երէկ Սահմանադրական խորհուրդը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց նախորդ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն շուրջ իրեն ներկայացուած վիճարկումի դիմումները: Յետ քննարկումի, Սահմանադրական խորհուրդը իր անդամներուն մեծամասնութեամբ որոշեց չեղեալ յայտարարել Տիմա Ժամալիի երեսփոխանութիւնը եւ Թրիփոլիի սիւննիական 5-րդ աթոռը նկատեց թափուր: Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյման այս առիթով տուաւ մամլոյ ասուլիս մը եւ երեսփոխանական ընտրութեանց արդիւնքներուն շուրջ ներկայացուած վիճարկումներուն գծով նշեց, որ լիբանանեան...

Զուիցերիա Կը Կասեցնէ Լիբանանի Հետ  Զինուորական Համագործակցութիւնը

Զուիցերիա Կը Կասեցնէ Լիբանանի Հետ Զինուորական Համագործակցութիւնը

Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմուց երէկ հաստատեց, որ նախկին կառավարութեան օրով, 2016 թուականին, 40 կտոր զէնք ու զինամթերք ուղարկուեցաւ Լիբանան, իսկ նախորդ տարի, երբ զուիցերիական պետութիւնը ուզեց վերստուգել զանոնք` երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութեան հիման վրայ, ի յայտ եկաւ, որ միայն 9 կտոր զէնք ու զինամթերք գոյութիւն ունի: «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դեսպանը յայտնած է,...

Նախագահ Աուն. «Կը Մերժենք Քաղաքական  Լուծումի Սպասել  Տեղահանուածներու Վերադարձին Համար»

Նախագահ Աուն. «Կը Մերժենք Քաղաքական Լուծումի Սպասել Տեղահանուածներու Վերադարձին Համար»

Նախագահ Աուն ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Քսսայֆի նախագահին ներկայացուց լիբանանեան մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն դիմագրաւած ճակատագրական տագնապը: Ան նշեց, որ այս տագնապը դիմագրաւելու համար, սենտիքան որոշած է կազմակերպել ազգային վեհաժողով մը, որպէսզի ճշդուի թերթին եւ լրատուամիջոցներուն ընդհանուր պատկերացումը, եւ այս առիթով ան հանրապետութեան նախագահէն խնդրեց հովանաւորել այս վեհաժողովը եւ անձամբ ներկայ գտնուիլ անոր: Քսսայֆի գնահատեց հանրապետութեան նախագահին...

Թարապէյ Կը Հանգստացնէ. «Նոր Տուրքեր  Պիտի Չպարտադրուին Ժողովուրդին Վրայ»

Թարապէյ Կը Հանգստացնէ. «Նոր Տուրքեր Պիտի Չպարտադրուին Ժողովուրդին Վրայ»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի Դրամատուներու միութեան տնօրէն խորհուրդի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ժոզեֆ Թարապէյի, եւ անոր հետ քննարկեց ելեւմտական եւ դրամատնային կացութիւնները: Ժողովէն ետք, Թարապէյ յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկած են բոլոր նիւթերը, որոնց կառավարութիւնը պիտի անդրադառնայ մօտիկ ապագային, ներառեալ` ելեւմտական թղթածրարը, բարեփոխումները եւ պիւտճէն: Ան յայտնեց, որ իրենք կը բաժնեն վարչապետին լաւատեսութիւնը այս նիւթերուն առնչութեամբ` նշելով, որ մինչեւ հիմա...

Պըրրի. «Փտածութեան Դէմ Պայքարելու  Հիմնական Չափանիշը Օրէնքը Գործադրելն Է»

Պըրրի. «Փտածութեան Դէմ Պայքարելու Հիմնական Չափանիշը Օրէնքը Գործադրելն Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին ընթացքին պահանջեց սկսիլ խորհրդարանի յատուկ նստաշրջան` գումարելու վերահսկիչ եւ օրէնսդրական նիստեր, խորհրդարանի աշխատանոցի ծիրին մէջ, որ նախապէս ճշդուած էր: Ան յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկումը պարտադրեց իրականութիւն մը խորհրդարանին եւ կառավարութեան վրայ, որ կարելի չէ անտեսել, եւ արդիւնքները սկսան յայտնուիլ: Պըրրի վերահաստատեց, որ փտածութեան դէմ պայքարելու հիմնական չափանիշը օրէնքը գործադրելն է: Խորհրդարանի...

Երեքշաբթի, 19 Յունիսին.  Նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կը Կանչէ Իր Մօտ` Հետաքննութեան Համար

Ֆընէյշ. «Ելեկտրականութեան Մարզին Վիճակը Պիտի Վատթարանայ»

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան մարզին վիճակը պիտի վատթարանայ, եթէ շտապ գործադրելի ծրագիր մը չդրուի` լուծելու համար բացթողումները: Ան նշեց, որ ելեկտրականութեան թղթածրարը մեծագոյն մարտահրաւէրն է նոր կառավարութեան առջեւ, եւ ատիկա կառավարութեան պիւտճէին վրայ նիւթական մեծ բեռ է: Ֆընէյշ շեշտեց այս կարեւոր թղթածրարին թափանցիկութիւնը պահելու անհրաժեշտութիւնը եւ հեռու մնալու քաղաքական քննադատութիւններէ եւ մեղադրանքներէ,...

Hariri_Armb-Atapekian_21919

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Դեսպան Աթաբէկեանը. Ան Հայաստան Պիտի Այցելէ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ առեւտրական-տնտեսական կապերը զարգացնելու հաւանական քայլերը: Երկու կողմերը նշած են, որ յառաջիկային Լիբանանի վարչապետին Հայաստան կատարելիք այցելութիւնը նոր խթան պիտի հանդիսանայ երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերային յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման համար:

Page 578 of 988 1 … 577 578 579 … 988

Արխիւներ