Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն կը շեշտէ, թէ մինչ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դասալքութիւնը կը շարունակէ` պահանջելով սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան պատասխանատուները, ան 150 հազար պաշտօնեայ արձակած իրենց գործերէն, իսկ 200 հազար հոգի բանտարկած:
«Էրտողան Թուրքիան վերածած է հսկայ բանտի մը եւ կը միտի սուրիական հողերուն մէկ մասը կցել Թուրքիոյ», ընդգծեց Ուահապ: