Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Ռամպլինկի Եւ Քուպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Բարգաւաճման Վերաբերող Կարգ Մը Հարցեր

April 16, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու ներքին լիբանանեան առումով արձանագրուած վերջին զարգացումները:

Ռամպլինկ բարձր գնահատեց վարչապետ Հարիրիի եւ կառավարութեան աշխատանքը` 2019-ի պետական ամավարկին մէջ որդեգրուելիք որոշումներուն առումով, ինչպէս նաեւ ողջունեց քաղաքական համախոհութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ բարեկարգել ելեկտրականութեան մարզը:

Ռամպլինկ նշեց, որ Բրիտանիան եւ միջազգային ընտանիքը մեծ յոյսերով կը փափաքին վկայել վաւերացուած այդ ծրագիրներուն գործադրութիւնը:

Ան ըսաւ, թէ լիբանանցիներն ու միջազգային ընտանիքը այդ դժուար, սակայն միաժամանակ վճռորոշ ծրագիրներուն գործադրութիւնը կ՛ուզեն տեսնել` աւելցնելով, որ միջազգային ընտանիքը այդ ծրագիրներուն գործադրութեան իմաստով դրական նշաններ ցոյց կու տայ լիբանանցիներուն:

Ռամպլինկ յայտնեց նաեւ, որ վարչապետ Հարիրիի հետ քննարկած է շրջանային իրադարձութիւնները:

Ան շնորհաւորեց վարչապետ Հարիրին Թրիփոլիի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն ընթացքին Տիմա Ժամալիի արձանագրած յաջողութեան առիթով` հաստատելով, որ Մեծն Բրիտանիա Թրիփոլիի բարգաւաճման առումով շարք մը ծրագիրներու կը զօրակցի:

«Լիբանանի մէջ ծառայութիւններու, կրթութեան եւ տնտեսական մարզերու բարելաւումը Մեծն Բրիտանիոյ համար շատ կարեւոր է», ըսաւ ան:

Հարիրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրադարձութիւններն ու Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ծրագիրներն ու ծառայութիւնները:

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակը Պապ Թըպպանէի Մէջ Բացայայտեց Պայթուցիկ Նիւթերու Պահեստանոց Մը

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան Յայտարարեց «Դէպի Աշխատանք» Կառավարութեան Զբօսաշրջութեան Ծրագիրը

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.