Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրիփոլիի Մասնակի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Համեմատութիւնը Եղաւ Խոցելի` Վերընտրուելու Առիթ Տալով Տիմա Ժամալիին

Ապրիլ 15, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրիփոլիի մէջ երէկ տեղի ունեցան մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները, որուն քաղաքացիներու մասնակցութեան համեմատութիւնը հասաւ միայն 13 առ հարիւրի:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքը եղաւ ի նպաստ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ երկրորդ անգամ ըլլալով առաջադրուած թեկնածու Տիմա Ժամալիի, սակայն Թրիփոլիի մէջ տիրող ընդհանուր մթնոլորտը ուղղուեցաւ դէպի` ընտրութիւններու պոյքոթի ենթարկում:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքացիներուն ճղճիմ համեմատութիւնը ցոյց կու տայ, որ երէկ Թրիփոլիի մէջ ընտրական լռութեան օր էր, որովհետեւ երէկ արձանագրուած 13 առ հարիւրի այս համեմատութիւնը ամէնէն քիչն է 1992-էն ի վեր:

Այս իրականութիւնը կարելի է բացատրել նաեւ կարգ մը քաղաքական ուժերու կողմէ որդեգրուած պոյքոթի պաշտօնական կեցուածքով:

Քաղաքական այդ ուժերէն էին երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի ղեկավարած Արժանապատուութիւն հոսանքը, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Ժապալ Մըհսենի ամբողջ բնակչութիւնը:

Թրիփոլիի մասնակի ընտրութիւններուն Ժամալիի կողքին իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին նաեւ հինգ հոգի, որոնք են` Եհիա Քամալ Մաուլուտ, Մոհամետ Մըսպահ Աունի Ահտապ, Օմար Խալետ Սէյիտ, Նիզար Ահմետ Զաքքա եւ Թալալ Մոհամետ Ալի Քապպարա:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին հետեւեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ապահովական կառոյցներէն ստացաւ տեղեկագիրներ` ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքացիներուն համեմատութեան, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններուն ընթացքին տիրող ապահովական կայունութեան մասին:

Նախագահ Աուն ընդգծեց համապատասխան մթնոլորտի ապահովումին անհրաժեշտութիւնը` երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարեալ հանդարտութեամբ եւ խաղաղութեամբ կատարելու համար:

Ան շեշտեց նաեւ, որ պէտք է քաղաքացիներուն ամէն տեսակի դիւրութիւն տրամադրել, որպէսզի անոնք ժողովրդավարական իրենց իրաւունքը կարենան գործադրել:

Ուշ երեկոյեան Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտարարեց Ժամալիի յաղթանակը:

Հարիրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալի ընտրամեքենային թիւերը ցոյց կու տան, թէ իրենց թեկնածուն` Տիմա Ժամալ 20 հազար քուէով (քուէներուն 74 առ հարիւրը) յաղթանակ արձանագրած է Թրիփոլիի մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ամբողջ օրուան ընթացքին ծառայեցին Մուսթաքպալ հոսանքի ընտրամեքենային եւ գումակային ամէն տեսակի աշխատանք կատարեցին` հեզասահ դարձնելու համար ընտրութիւններուն ընթացքը:

Հարիրի յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի դաշնակիցներուն` նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին եւ նախկին նախարարներ Աշրաֆ Ռիֆիին եւ Մոհամետ Սաֆատիին, որոնք զօրակցեցան Մուսթաքպալ հոսանքին:

Ան մաղթեց, որ յառաջիկային երեսփոխանական ընտրութիւններուն վիճարկուած արդիւնքները լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ ընդունուին եւ ոչ միայն Մուսթաքպալ հոսանքի շրջաններուն մէջ:

Իր կարգին, Ժամալի յայտնեց, որ ինք Թրիփոլիի շահերուն համար կը գործէր եւ  յաւելեալ թափով պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը` ապահովելու համար Թրիփոլիի ամբողջական շահերը, որովհետեւ ներկայիս իր պատասխանատուութիւնները շատ աւելի մեծ են` նկատի ունենալով, որ ինք կը վայելէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ամբողջական զօրակցութիւնը` ապահովելու համար Թրիփոլիի իրաւունքները:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իր կողքին կանգնեցան եւ ի նպաստ իրեն քուէարկեցին:

Ան ողջունեց իր ընտրարշաւը կազմակերպողները, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական պաշտպանութեան եւ ապահովական կառոյցներու բոլոր ուժերը:

Միւս կողմէ, Եհիա Մաուլուտ շեշտեց, որ ինք եղած է երկրորդ ամէնէն բարձր քուէն ապահոված թեկնածուն, եւ իբրեւ այդպիսին կրնայ հաստատել, որ Թրիփոլին պիտի ըլլայ ընդդիմութեան խարիսխը:

Մըսպահ Ահտապ իր կարգին յայտնեց, որ Թրիփոլի իր խօսքով հաստատած է, որ կը մերժէ հոն արձանագրուած քաղաքական դաշինքը, որ ինքզինք «հաստատուն դաշինք» կը յորջորջէ:

Նշենք, որ ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան այցելեց Ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդին կեդրոնը, ուր երկարատեւ հանդիպում մը ունեցաւ խորհուրդի անդամներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Նետիմ Ապտել Մալաք շեշտեց, որ բոլոր լրատուամիջոցները խախտած են լռութեան օրուան որոշումը` ցաւ յայտնելով, որ խորհուրդը ոչ մէկ իրաւասութիւն ունի արձանագրուած այդ խախտումները տեղւոյն վրայ կասեցնելու իմաստով:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Հասանին` խորհուրդին նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան առիթով:

Իր կարգին, Հասան յայտնեց, որ ինք համոզուած է, թէ առանց Ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդին կարելի չէ թափանցիկ ընտրութիւններ ապահովել: Ան մաղթեց, որ ընտրութիւնները առանց խախտումներու ընթանան եւ օրուան աւարտին յաղթանակ արձանագրէ ո՛վ որ արժանի է ընտրուելու:

Ռայա Հասան այցելեց նաեւ քուէարկութեան կեդրոնները, ուր գնահատեց ընտրութիւններուն հսկող եւ հետեւող անձնակազմին աշխատանքը:

Հասան հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետարանին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ ստուգած է ընտրութիւններուն ընթացքը` շեշտելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան բարձր համեմատութիւն մը չեն ակնկալեր:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընտրութեան մասնակցելէ ետք յայտնեց, որ Ազըմ եւ Մուսթաքպալ հոսանքներուն դաշինքը մէկ է, ինչպէս երէկուան պայծառ արեւը:

Նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի նշեց, թէ ինք տեղեկութիւններ ունի, որ Հըզպալլա անակնկալ մը պատրաստած է` Թրիփոլիի մասնակի ընտրութիւններուն վերաբերեալ: Ան վերահաստատեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին, իրենց ղեկավարութիւնն ու սուրիացի ժողովուրդը սպաննողը անկասկած ահաբեկիչ է:

Ռիֆի յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Թրիփոլի այցելութիւնը եղած է շատ դրական:

Երիտասարդներու եւ կիներու ընկերային եւ տնտեսական բարելաւումի պետական նախարար Վիոլեթ Սաֆատի քուէարկելէ ետք յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ ստեղծուած դաշինքը քաղաքական ոչ մէկ ուժի դէմ ուղղուած է: Ան կոչ ուղղեց բոլորին օժանդակելու եւ զօրակցելու վարչապետ Հարիրիին, որպէսզի ան կարենայ իր կատարած խոստումները իրագործել:

Երեսփոխան Սամիր Ժսըր քուէարկելէ ետք շեշտեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ Թրիփոլիի մասնակի ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու որոշումը ոչ մէկ ձեւով իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած է ընտրութիւններուն վրայ:

Յայտնենք, որ կէս գիշերէն ետք ժամը 1:30-ին ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան յայտարարեց Տիմա Ժամալիի երեսփոխան ընտրուիլը:

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Պըրրիի Ցուցմունքներով Կարելի Պիտի Ըլլայ Երկրին Պետական Ամավարկը Վաւերացնել» Շեշտեց Ժոմպլաթ

Յաջորդը

«Լաւրով Պիտի Նախապատրաստէ Փութին-Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումը» Կ՛ըսէ Թարասով

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?