Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապրիլ 16, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ուղղուեցաւ Մոսկուա` մասնակցելու համար Արաբական – ռուսական Ե. խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցին Ռուսիոյ եւ Արաբական լիկայի անդամ երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Ռայա Հասան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի հանդիպումներն ու անոնց ամրապնդման հեռանկարները:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամալ Ժարրահ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքան Շաքիլը, որուն հետ քննարկեց տեղեկատուութեան մարզին մէջ լիբանանեան-թրքական փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները` գրաւոր մամուլի եւ լսատեսողական լրատուամիջոցներու առումով:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Հարեթ Հրէյքի հետ հաղորդակցութիւնները առկայ են: «Քլեմանսոյի եւ Հարեթ Հրէյքի միջեւ կապերը կրնան դժուարութիւններու մատնուիլ` տարակարծութիւններու պատճառով, սակայն անոնք չեն խզուիր, եւ պէտք է սրբագրել զանոնք», գրեց Ժոմպլաթ` ընկերային ցանցերու իր անձնական էջին վրայ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ ոչ ոք իրաւունք ունի մտածելու, թէ երկրին տնտեսական տագնապը քաղաքացիներուն քսակէն կարելի է լուծել: Ան շեշտեց, որ Լիբանան ելեւմտական առումով լուրջ խնդիրի դիմաց կը գտնուի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հնգօրեայ այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ: Ան նշեց, որ իրենք վարչապետ Սաատ Հարիրիին զօրակցած են, որովհետեւ համոզուած են, որ Հարիրի յանձնառու պիտի մնայ իր խոստումները կատարելու: «Որոշեցինք նոր էջ մը բանալ` Թրիփոլիին շնորհելու համար այն, որուն արժանի է», ըսաւ Միքաթի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ կոչ ուղղեց ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը գործադրելու, անոր գործադրութիւնը չխոչընդոտելու եւ փտածութեան դէմ պայքարելու:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ հաստատեց, որ զինուորականները չեն կրնար մսխումի եւ պետական գանձարկղի նիւթական բացին պատասխանատուութիւնը կրել, իսկ նիւթական միջոցները կարելի է այլ մարզերէ ապահովել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ երկրի պետական գանձարկղին նիւթական բացը կարելի չէ լուծել պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձին հաշուոյն:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ հաստատեց, որ աշխատավարձի յաւելումները սեղմումներու ենթարկելը կարմիր գիծ է եւ կրնայ երկրին կայունութիւնը պայթումի վտանգին դիմաց դնել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ զինուորականներուն աշխատավարձին դպչիլը խիստ մերժելի է:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ կոչ ուղղեց որդեգրուած տնտեսական եւ ելեւմտական քաղաքականութիւնները փոփոխութեան ենթարկելու:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Պելճիքայի Հակաժխտողականութեան Օրէնքին Նկատմամբ

Յաջորդը

Լիբանանեան Բանակը Պապ Թըպպանէի Մէջ Բացայայտեց Պայթուցիկ Նիւթերու Պահեստանոց Մը

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?