Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխանական Մասնակի Ընտրութիւններու Նախօրեակին Վարչապետ Հարիրի Այցելեց Թրիփոլի

April 13, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրիփոլիի մէջ կատարուելիք երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն նախօրեակին, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց Թրիփոլի, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Թրիփոլիի քաղաքական հեղինակութիւններուն հետ:

Հարիրի այցելեց նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի բնակարանը, ուր ներկայ գտնուեցան նաեւ Թրիփոլիի մասնակի ընտրութիւններու Մուսթաքպալ հոսանքի թեկնածու Տիմա Ժամալի, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր եւ շարք մը այլ պատասխանատուներ:

Վարչապետ Հարիրի Ռիֆիի բնակարանէն յայտարարեց, որ արիւնը ջուրի չի վերածուիր` հաստատելով, որ պէտք է բարեկարգումներ կատարել, փտածութեան դէմ պայքարիլ եւ մսխումին վերջ տալ` զայն նախ եւ առաջ զանց կացուցելով 2019-ի պետական ամավարկէն:

«Մեր ծրագիրն է երկիրը տնտեսական իր տագնապէն դուրս բերել, իսկ իսլամ բանտարկեալներուն համաներում շնորհելու խոստումները պիտի իրականանան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իշխանութեան հասնողը ժողովուրդին վրայ իր իշխանութիւնը պէտք չէ բանեցնէ, այլ` ծառայէ անոր:

Իր կարգին, Ռիֆի հաստատեց, որ բնական է զօրակցիլ վարչապետ Սաատ Հարիրիին եւ մնալ անոր կողքին` «նեցուկ կանգնելով քաղաքական այն հեղինակութեան, որուն կը պատկանինք», ըսաւ ան:

Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց Թրիփոլիի մէջ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ իրենք միասնականութեամբ կը ծառայեն Թրիփոլիի շահերուն իրականացման:

«Այս միասնականութիւնը ոչ ոքի դէմ ուղղուած է եւ ոչ ոք թիրախ կը դարձնէ», ըսաւ վարչապետը:

Ան շեշտեց, որ իր նախաձեռնութիւնը կը միտէր զօրակցիլ երկրին պետական հաստատութիւններուն: «Լիբանան հսկայ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի, եւ մենք պէտք է գործակցինք` դուրս գալու համար երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապէն», յայտնեց ան:

Վարչապետ Հարիրի նկատել տուաւ, որ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի բարգաւաճումը հիմնական է ու պարտադիր` ներդրողներուն ուշադրութիւնը գրաւելու համար:

Ան նշեց, որ սեփական մարզը պէտք է գործակցի պետական մարզին հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ տարբեր մարզերուն բարելաւումը ապահովել եւ տնտեսական կայունութիւն ստեղծել:

Իր կարգին, Միքաթի նշեց, որ Հարիրիի հետ քննարկած է Թրիփոլիի կարիքները եւ հաստատումներ ստացած, թէ Թրիփոլի բարգաւաճման առումով պարագլուխի դիրք պիտի գրաւէ` պահպանելով լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ իրագործուելիք բարգաւաճումը:

Վարչապետ Հարիրի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատիի:

Հանդիպումէն ետք ան նշեց, որ ոմանք Թրիփոլիի մէջ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի չափաբաժինը կասկածի տակ կ՛ուզեն առնել` աւելցնելով, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովը ամբողջ Լիբանանին օժանդակելու հաւանութիւն ընծայած է: Ան աւելցուց, որ Թրիփոլին «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներէն 20 առ հարիւրին պիտի արժանանայ:

«Ես այսօր իբրեւ վարչապետ չեմ այցելեր Թրիփոլի, այլ` իբրեւ քաղաքացի մը, որ ժողովուրդին ցաւերուն քաջատեղեակ է», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ ամբողջ Լիբանանը կը դիմագրաւէ տագնապ մը` հաստատելով, որ իրենք մեծ յոյսեր ունին, որ տնտեսական կացութեան փլուզումը կասեցնելու իմաստով ճշգրիտ որոշումներ պիտի կարենան տալ, առանց առիթ տալու, որ քաղաքացին սեղմումներուն ազդեցութիւնը զգայ:

Այս առումով ան նկատել տուաւ, որ Թրիփոլին կարիքը ունի Տիմա Ժամալիի նման անձնաւորութիւններու, որպէսզի մեծ թիւով ծրագիրներ իրականացուին:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կը Մերժէ Կոլանը Իսրայէլեան Գերիշխանութեան Ներքեւ Զետեղումը»

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտ 130 Միլիոն Եւրօ Կը Պահանջէ Պէյլի Համար

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.