Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

April 13, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Մարուան Համատէ, Միշել Մուսա եւ Ալեն Աուն, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր եւ ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Մուսա:

Նիստէն ետք Համատէ յայտնեց, որ քննարկած են այն օրինագիծերը, որոնք չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին:

Ան հաստատեց, որ օրակարգի վրայ դրուելիք օրինագիծերը թիւով քիչ պիտի ըլլան, սակայն կարեւոր:

Համատէ հաստատեց, որ կայ օրինագիծ մը, որ հանրօգուտ շինութեանց մարզին կը վերաբերի եւ երկուշաբթի օր պիտի վաւերացուի համապատասխան մարզի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին կողմէ: Ան աւելցուց, որ այդ ծրագիրը շարունակութիւնն է ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին:

Համատէ յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանի դիւանին գումարած բոլոր նիստերը ըլլան դրական, ինչպէս որ էր պարագան երէկուան նիստին:

Անդրադառնալով կառավարութեան հարցապնդման խորհրդարանի նիստին` Համատէ յայտնեց, որ անցեալ նիստին ընթացքին կային շարք մը հարցումներ, որոնց պատասխանելու առումով կարգ մը նախարարներ պատրաստ չէին:

Համատէ հաստատեց, որ խորհրդարանի գումարելիք կառավարութեան հարցապնդման յաջորդ նիստը շատ աւելի աշխուժ պիտի ըլլայ:

Պետական ամավարկին ակնարկելով` Համատէ յայտնեց, որ պիտի տրուին ցաւցնող եւ խիստ որոշումներ, եւ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի զանոնք արդար եւ օգտակար որոշումներու վերածելու` երկրին տնտեսական կացութիւնը փրկելու առումով:

 

 

Նախորդը

Խալիլ. «Պետական Ամավարկի Նիւթական Բացը Կրնանք Ինը Առ Հարիւրով Նուազեցնել»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կը Մերժէ Կոլանը Իսրայէլեան Գերիշխանութեան Ներքեւ Զետեղումը»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.