Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահներ Աուն Եւ Ռատեւ Ընդգծեցին Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

April 10, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պուլկարիոյ նախագահ Ռումեն Ռատեւը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-պուլկարական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Պուլկարիա պէտք է նեցուկ կանգնի Լիբանանին` անոր դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքներուն դիմաց, ինչպէս նաեւ պէտք է զօրակցի նաւթի արտահանման Լիբանանի իրաւունքին:

Նախագահ Աուն հաստատեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու կարեւորութիւնը` խստիւ դատապարտելով այդ բանաձեւին գործադրութեան առումով Իսրայէլի գործած խախտումները:

Նախագահ Աուն դատապարտեց Երուսաղէմն ու Կոլանը իսրայէլեան գերիշխանութեան ենթակայ նկատող ամերիկեան որոշումը` շեշտելով, որ անիկա միջազգային օրէնքին հետ հակադրուելու փաստ մըն է: «Այդ որոշումը ո՛չ միայն բարեկամ եւ քոյր պետութեան մը գերիշխանութեան կը սպառնայ, այլեւ լիբանանեան գերիշխանութեան` նկատի ունենալով, որ Լիբանանը եւս բռնագրաւուած հողեր ունի, ինչպէս Մազարեհ Շեպաան, Քֆարշուպայի բարձունքներն ու Ղաժար գիւղաքաղաքը:

Իր կարգին, Ռատեւ շեշտեց, որ Լիբանանը իրենց համար Միջին Արեւելքի դարպասն է, ինչպէս նաեւ օրինակելի տիպարը` նկատի ունենալով անոր բազմազանութիւնն ու Պուլկարիոյ հետ ունեցած հասարակ յայտարարները:

Ռատեւ բարձր գնահատեց նախագահ Աունի ջանքերը` հաւասարակշռութիւն հաստատելու եւ շինիչ երկխօսութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի հարցերը խաղաղ միջոցներով լուծելու անոր դիրքորոշումները:

Ռատեւ ընդգծեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը, յատկապէս առեւտրական եւ տնտեսական մարզերուն պարագային:

Ան շեշտեց սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ խոստացաւ Լիբանանի եւ Պուլկարիոյ միջեւ օդանաւային ուղղակի թռիչքներ հաստատել:

Ռատեւ այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ Սուրիոյ պատերազմին ունեցած հետեւանքները, որոնք յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներուն կը վերաբերին:

Նախորդը

Հարիրի Ապուլ Ղէյթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Տօնոյեանը «Ահաբեկիչ» Կոչած Է` Զինք Մեղադրելով «Փաշինեանի Դէմ Դաւադրութիւն Կազմակերպելու» Համար

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.