Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կը Մերժէ Կոլանը Իսրայէլեան Գերիշխանութեան Ներքեւ Զետեղումը»

Ապրիլ 13, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ամերիկեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին քոնկրեսականներ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախագահական պալատի հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, նախկին նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ եւ նախագահական պալատի ընդհանուր քարտուղար Անթուան Շքէյր, ինչպէս նաեւ խորհրդատուներ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կը մերժէ Կոլանը իսրայէլեան գերիշխանութեան ներքեւ զետեղելը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Կոլանի բարձունքներուն մէջ կ՛իյնան նաեւ Մազարեհ Շեպաան եւ Քֆարշուպայի բարձունքները, որոնց ազատագրումին համար Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի յանձնառութիւնը` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու իմաստով:

Ան դրուատեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ սերտ գործակցութիւնը, որուն շնորհիւ 13 տարիէ ի վեր հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ ապահովական կայունութիւնը կը պահպանուի:

Քննարկուեցան նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի շրջագիծին մէջ որդեգրուելիք լուծումները:

Անդրադառնալով լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթահորերու պեղման աշխատանքին` նախագահ Աուն քոնկրեսականները տեղեակ պահեց, որ ամերիկեան ընկերութիւններ իրենց կարգին կրնան մասնակցիլ այդ հոլովոյթին վերաբերող նուազուրդին:

Ռայի Պատրիարքին Հետ

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ հանդիպումէն ետք դրուատեց հանրապետութեան նախագահին այն հաստատումը, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի քննարկէ 2019-ի պետական ամավարկը:

Ռայի պատրիարքը բարձր գնահատեց փտածութեան դէմ պայքարը շարունակելու պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ տնտեսական զարթօնք եւ բարգաւաճում ապահովող ծրագիրներ գործադրելու կարեւորութիւնը, որպէսզի «Սետր»-ի խորհրդաժողովին խոստացուած գումարները ստացուին եւ ծրագիրները գործադրուին:

Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնն ու խորհրդարանը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանը իր դիմագրաւած տնտեսական տագնապէն դուրս բերելու:

Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց նախագահ Աունը` ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրի վաւերացումին առիթով:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ նախագահ Աունի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ համաձայնութիւնը կը մնայ առկայ եւ ամբողջական` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

Յաջորդը

Երեսփոխանական Մասնակի Ընտրութիւններու Նախօրեակին Վարչապետ Հարիրի Այցելեց Թրիփոլի

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?