Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 4 փետրուար 2018-ին ահաբեկիչ Հաժեր Ապտալլա սպաննուած էր Թըպպանէի մէջ, հետապնդումի ընթացքին:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հաժեր Ապտալլայի թղթածրարը հետապնդելու շրջագիծին մէջ Պապ Թըպպանէի Սուրիա փողոցին մէջ բանակը կատարած է ներխուժումներ, որոնց ընթացքին բացայայտած է պայթուցիկ նիւթերու պահեստանոց մը:
Բանակը պահեստանոցէն գրաւած է 47,5 քկ պայթուցիկ նիւթ եւ ձերբակալած է երկու յանցագործներ` Օ. Օ. եւ Հ. Օ.: