Լիբանանեան

Պըրրի Քայսիի Հետ Քննարկեց  Խորհրդարանական  Գործակցութեան Հեռանկարները

Պըրրի Քայսիի Հետ Քննարկեց Խորհրդարանական Գործակցութեան Հեռանկարները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Յորդանանի խորհրդարանի Ա. փոխնախագահ Նասսար Քայսին` ներկայութեամբ արտաքին հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Եասին Ժապերի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու խորհրդարանական գործակցութեան հեռանկարները: Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր: Քննարկուեցան փտածութեան դէմ պայքարի եւ մարդկային իրաւունքներու գործադրութեան վերաբերող օրէնսդրութիւնները:  

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Մոհամետ Տաուտ Տաուտի որոշումով այսօր` շաբաթ, 18 մայիս 2019-ին, Պետական թանգարան այցելութիւնը ձրի է` նկատի ունենալով, որ 18 մայիսը կը զուգադիպի Թանգարաններու միջազգային օրուան ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդկային հարցերու գրասենեակի համադրող Ֆիլիփ Լազարինիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի աշխատանքներն ու սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ...

Սֆէյր Պատրիարքին Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Սֆէյր Պատրիարքին Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Ռայի. «Սֆէյր Պատրիարքը Մարոնի Եկեղեցւոյ Հիմնասիւնն Է, Ինչպէս Նաեւ Լիբանանի Բ. Անկախութեան Եւ Հաշտութեան Անկրկնելի Պատրիարքը» Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սֆէյր Պիտի Մնայ Լիբանանի Պատմութեան Փայլուն Դէմքը» Պքերքէ երէկ դարձաւ ժամադրավայրը հազարաւոր լիբանանցիներու, որոնք հաւաքուեցան վերջին հրաժեշտը տալու մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրին: Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պքերքէի շրջափակին մէջ հանդիսապետութեամբ մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռայիի:...

Նախագահ Աուն Լոտրիանի Հետ Քննարկեց  Միջազգային Իրադարձութիւնները

Նախագահ Աուն Լոտրիանի Հետ Քննարկեց Միջազգային Իրադարձութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները: Նշենք, որ Լոտրիան Լիբանան եկած էր Սֆէյր պատրիարքի յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայացնելու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը:  

Ապպաս Իպրահիմ Այցելեց Սայտա Եւ Ընդգծեց  Հոն Տիրող Ապահովական Կայունութիւնը

Ապպաս Իպրահիմ Այցելեց Սայտա Եւ Ընդգծեց Հոն Տիրող Ապահովական Կայունութիւնը

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ընդառաջելով Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հրաւէրին, նախանցեալ երեկոյեան այցելեց Սայտա, ուր ան ներկայ գտնուեցաւ «Սայտա ռամատանեան քաղաք է» կարգախօսին ներքեւ շրջանին մէջ կազմակերպուող ժողովրդային աւանդական ձեռնարկներուն: Ապպաս Իպրահիմ Սայտայի մէջ արժանացաւ պաշտօնական դիմաւորումի եւ ուղղուեցաւ ռամատանեան յատուկ ցուցահանդէսը դիտելու, ապա շրջեցաւ Սայտայի հին փողոցներուն մէջ եւ այցելեց Շէյխի բաղնիքը, օճառի թանգարանը...

Սաթըրֆիլտի Այցելութեան Մասին Տարբեր  Օրաթերթերու Մեկնաբանութիւնները

Սաթըրֆիլտի Այցելութեան Մասին Տարբեր Օրաթերթերու Մեկնաբանութիւնները

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի Լիբանան կատարած այցելութեան մասին լիբանանեան երէկուան օրաթերթերը սպրդեցուցին որոշ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ կատարեցին տարբեր մեկնաբանութիւններ: Այդ շրջագիծին մէջ «Ժումհուրիա» օրաթերթը գրեց, որ Սաթըրֆիլտ երկրին իշխանութեան պետերուն հետ քննարկումներուն ընթացքին զգուշացուցած է, որ Հըզպալլայի կողմէ որեւէ քայլի պարագային Լիբանան պատասխանատու պիտի նկատուի: Սաթըրֆիլտ կ՛ակնարկէր ամերիկեան շահերը հարուածելու կամ Մազարեհ Շեպաայի...

Բանակի Հրամանատարին Միացեալ Նահանգներ  Կատարած Պաշտօնական Այցելութիւնը

Բանակի Հրամանատարին Միացեալ Նահանգներ Կատարած Պաշտօնական Այցելութիւնը

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր մասնակցեցաւ լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւններու արժեւորման տարեկան ժողովին: Զօր. Աուն հանդիպում մը ունեցաւ ամերիկեան ցամաքային ուժերու հրամանատարի օգնական զօր. Ճէյմս Մըք Քոնֆիլի հետ, որ մօտիկ ապագային պիտի դառնայ ամերիկեան ուժերու սպայակոյտի պետը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, լիբանանեան բանակին իրագործած նուաճումները, ինչպէս նաեւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ նախարարութեան անձնակազմին հետ վերջին անգամ ըլլալով ստուգեց 2019-ի պետական ամավարկի թիւերը, նախքան կառավարութեան գումարելիք այսօր կէսօրուան նիստը: ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Ռայա Հասան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր կին պէտք է ամրապնդէ իր վստահութիւնը` իր անձին եւ փոփոխութիւն յառաջացնելու իմաստով իր կարողութեան նկատմամբ: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ հարցերու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան երէկ յայտնեց,...

Սֆէյր Պատրիարքը Այսօր Պքերքէի Մէջ  Կը Գտնէ Իր Յաւիտենական Հանգիստը

Սֆէյր Պատրիարքը Այսօր Պքերքէի Մէջ Կը Գտնէ Իր Յաւիտենական Հանգիստը

Մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրին մարմինը այսօր կ՛ամփոփուի Պքերքէի մէջ, ուր կը գտնէ իր յաւիտենական հանգիստը: Իր հարիւրամեակէն 13 օր առաջ վախճանած Սֆէյր պատրիարքին համար յայտարարուած երկօրեայ Ազգային սուգը երէկ ուժի մէջ մտաւ, երբ պետական բոլոր հաստատութիւններուն դրօշակները կիսով բարձրացան, սկսեալ` նախագահական պալատէն, ինչպէս նաեւ լսատեսողական լրատուամիջոցներուն յայտագիրները պատշաճեցուեցան` կեդրոնանալով Սֆէյր պատրիարքին դագաղը փոխադրող շքախումբին արարողակարգին, ինչպէս նաեւ Պքերքէի...

Սֆէյր Պատրիարքին Ժողովրդային Վերջին  Հրաժեշտ` Պուրճ Համուտի Մայրուղիին Վրայ

Սֆէյր Պատրիարքին Ժողովրդային Վերջին Հրաժեշտ` Պուրճ Համուտի Մայրուղիին Վրայ

Երէկ` չորեքշաբթի, 15 մայիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի բնակիչներ` գլխաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու եւ շրջանի կրօնական թէ քաղաքական կառոյցներու ներկայացուցիչներու, համախմբուեցան դէպի Տորա տանող մայրուղիին վրայ: Անոնք աղօթքներու եւ շարականներու ուղեկցութեամբ վերջին հրաժեշտը տուին մարոնիներու նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրին, որուն յուղարկաւորութեան պաշտօնական թափօրը Պէյրութի «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցէն կ՛ուղղուէր մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքութեան նստավայր` Պքերքէ:

«Համեստ Եւ Միջին Դասակարգերուն  Աշխատավարձերը Կարմիր Գիծ Են»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Համեստ Եւ Միջին Դասակարգերուն Աշխատավարձերը Կարմիր Գիծ Են» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Տնտեսական ընկերային խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ ՀՅԴ-ն ներկայացնող անդամներ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան, որ խորհուրդի Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբի նախագահն է եւ Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան, որ խորհուրդի Մարդկային իրաւունքներու եւ բարգաւաճման յանձնախումբի անդամ է: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ բոլոր լիբանանցիները պէտք...

Կառավարութիւնը Վաղը Պիտի Շարունակէ  2019-ի Պետական Ամավարկի Իր Քննարկումները

Կառավարութիւնը Վաղը Պիտի Շարունակէ 2019-ի Պետական Ամավարկի Իր Քննարկումները

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին, վարչապետարանին մէջ շարունակեց 2019-ի պետական ամավարկի քննարկման իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Երեկոյեան ժամը 6:00-ին աւարտած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ պետական ամավարկին վերաբերող օրինական բոլոր կէտերը քննարկուած են` աւելցնելով, որ ուրբաթ, 17 մայիս 2019-ին պիտի գումարեն այլ նիստ մը, որուն ընթացքին ելեւմուտքի նախարարը պիտի ներկայացնէ պետական ամավարկի վերջնական տարբերակը` նկատի...

Սաթըրֆիլտ Իշխանութեան Երեք Պետերուն  Եւ Պասիլի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ցամաքային  Եւ Ծովային Սահմանագծումը

Սաթըրֆիլտ Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Պասիլի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ցամաքային Եւ Ծովային Սահմանագծումը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ սահմանագծումը կը նպաստէ հարաւային Լիբանանի կայունութեան ամրապնդումին` հիմնուելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վրայ: Ան կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներուն իրենց ներդրումը ունենալու այդ նպատակին...

Պըրրի. «Կը Սպասենք Պետական Ամավարկի  Վաւերացումին Եւ Զայն Խորհրդարան Փոխանցելուն»

Պըրրի. «Կը Սպասենք Պետական Ամավարկի Վաւերացումին Եւ Զայն Խորհրդարան Փոխանցելուն»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ իրենք կը սպասեն կառավարութեան կողմէ պետական ամավարկի վաւերացումին, ինչպէս նաեւ զայն խորհրդարան փոխանցելու: Պըրրի շեշտեց, որ 2019-ի պետական ամավարկին խորհրդարան փոխանցումէն ետք իրենք դրական երեւոյթներ պիտի վկայեն: Ան աւելցուց, որ ինք ցուցմունքներ տուած է պետական ամավարկի եւ ելեւմուտքի խորհրդարանական յանձնախումբին յաւելեալ աշխատանք տանելու`...

Կառավարութիւնը 2019-ի Պետական Ամավարկի  Իր Քննարկումները Այսօր Կ՛եզրափակէ Իր Գումարելիք Զոյգ Նիստերով

Կառավարութիւնը 2019-ի Պետական Ամավարկի Իր Քննարկումները Այսօր Կ՛եզրափակէ Իր Գումարելիք Զոյգ Նիստերով

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, վարչապետարանին մէջ շարունակեց 2019-ի պետական ամավարկի քննարկման իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ պետական ամավարկին մասին բարեկարգումի առաջարկները քննարկուած են` աւելցնելով, որ գրեթէ բոլոր նախարարները իրենց առաջարկները ներկայացուցած են բերանացի եւ գրաւոր կերպով: Բարեկարգումի այդ առաջարկները, որոնց շուրջ համախոհութիւն պիտի գոյանայ, պիտի վերածուին օրինագիծերու: Ժարրահ նշեց, որ...

«Կառավարութեան Կը Թելադրեմ  Լիբանանցիին  Վերադարձնել Իր Պետութեան  Նկատմամբ Վստահութիւնը»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Կառավարութեան Կը Թելադրեմ Լիբանանցիին Վերադարձնել Իր Պետութեան Նկատմամբ Վստահութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ռամատանի առիթով երէկ երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ սարքեց իֆթար մը, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Սաատ Հարիրի, իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետեր, նախարարներ եւ երեսփոխաններ, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ զինուորականներ եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Նախքան իֆթարը, նախագահ Աուն...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Ցաւակցին  Սֆէյր Պատրիարքի Վախճանումին Առիթով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Ցաւակցին Սֆէյր Պատրիարքի Վախճանումին Առիթով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, երէկ կէսօրին այցելեց Պքերքէ: Մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրի վախճանումին առիթով ՀՅԴ պատուիրակութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին: Երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը ցաւակցութիւն կը յայտնեն ազգային դէմք մը նկատուող Սֆէյր պատրիարքին վախճանումին առիթով:...

Նախագահ Աուն Շեշտեց  Նկատեց Լիբանանեան  Ճարտարարուեստի Մարզին  Բարգաւաճման Կարեւորութիւնը

Նախագահ Աուն Շեշտեց Նկատեց Լիբանանեան Ճարտարարուեստի Մարզին Բարգաւաճման Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը` ընկերակցութեամբ ճարտարարուեստի մարզին մէջ գործող երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեց նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ճարտարարուեստին ներկայացուցած իրավիճակը եւ անոր ապագան ամրապնդելու նպատակով որդեգրուելիք քայլերը: Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզը բարելաւում արձանագրէ...

Պքերքէի Մէջ.   Ռայի Պատրիարք Շարունակեց Ընդունիլ  Սֆէյր Պատրիարքի Վախճանումին  Առիթով Ցաւակցութիւնները

Պքերքէի Մէջ. Ռայի Պատրիարք Շարունակեց Ընդունիլ Սֆէյր Պատրիարքի Վախճանումին Առիթով Ցաւակցութիւնները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ շարունակեց ընդունիլ Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին վախճանումին առիթով յայտնուած ցաւակցութիւնները: Այս առիթով Պքերքէ այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, որ շեշտեց, թէ Սֆէյր պատրիարքը միշտ պաշտպանեց քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու լիբանանեան միասնականութիւնը: Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Քասեմ իր կարգին ցաւակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին: Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա...

Հարիրի Սաթըրֆիլտի Հետ Քնարկեց  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Հարիրի Սաթըրֆիլտի Հետ Քնարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի:

Page 560 of 988 1 … 559 560 561 … 988

Արխիւներ