Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ շարունակեց ընդունիլ Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին վախճանումին առիթով յայտնուած ցաւակցութիւնները:
Այս առիթով Պքերքէ այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, որ շեշտեց, թէ Սֆէյր պատրիարքը միշտ պաշտպանեց քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու լիբանանեան միասնականութիւնը:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Քասեմ իր կարգին ցաւակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին:
Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը ցաւակցութիւն յայտնեց Սֆէյր պատրիարքի վախճանումին առիթով` հաստատելով, որ ան ազգային դէմք մըն է, որ Լիբանանը դարձուցած է արտաքին աշխարհի հետաքրքրութեան առարկան:
Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի ասորի ուղղափառ համայնքի Մար Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքը ցաւակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին` ընդգծելով, որ Սֆէյր պատրիարքը Լիբանանի եւ Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար կորուստ է:
Պքերքէ այցելեց եւ Ռայի պատիարքին ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ` ընկերակցութեամբ իր ընտանիքին:
Ֆրանչիսկոս պապը Սֆէյր պատրիարքը նկատեց Լիբանանի խաղաղութիւնը եւ լիբանանցիներուն միջեւ հաշտութիւնը կերտողը:
Պապը շեշտեց, որ Սֆէյր պատրիարքը ազատ գործող հոգեւորական մըն էր, որ տէրը մնաց իր առաքելութեան եւ հակառակ բոլոր հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն յանձնառու մնաց Լիբանանի գերիշխանութեան պաշտպանութեան:
«Ան Լիբանանի պատմութեան մէջ պիտի մնայ ականաւոր դէմք մը», գրեց Ֆրանչիսկոս պապը:
Նշենք, որ Սֆէյր պատրիարքին յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցելու համար այսօր ՊԷյրութ պիտի հասնի Արեւելքի եկեղեցիներու ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ երէկ յետմիջօրէին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ: Ան իսկոյն ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Սֆէյր պատրիարքին վախճանումին առիթով:
Սաթըրֆիլտ շեշտեց, որ Սֆէյր պատրիարքը իր կեանքին եւ գործունէութեան մէջ ազգային էր եւ վեհ, ինչպէս նաեւ միշտ դիմագրաւած է մարտահրաւէրներն ու պաշտպանած Լիբանանի խաղաղութիւնն ու անկախութիւնը: Ան նշեց, որ ինք ամերիկացի ժողովուրդին անունով ցաւակցած է Ռայի պատրիարքին:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Ռայի պատրիարքին ցաւակցութիւն յայտնեց եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն մասնակից դառնալու մարոնի համայնքի Սֆէյր պատրիարքի վախճանումի սուգին: Ան շեշտեց, որ ինք կ՛ողջունէ վախճանեալ պատրիարքին յիշատակը` խոստանալով հաւատարիմ մնալ ոգիով մղուած անոր պայքարին:
Երեսփոխան Պահիա Հարիրի ցաւակցութիւն յայտնեց Սֆէյր պատրիարքի վախճանումին առիթով: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ ան պայծառ էջ մըն է, զոր կ՛արժէ ուսումնասիրել:
Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի, Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիա եւ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին իրենց կարգին ցաւակցութիւն յայտնեցին Ռայի պատրիարքին: