Լիբանանեան

Հզօր Լիբանան Համախմբում.  «Պէտք Է Աշխատինք Յաջողցնելու Պետական  Ամավարկը` Նպատակ Ունենալով  Արձանագրել Իսկական Բարեկարգումը»   Շեշտեց Պասիլ

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Պէտք Է Աշխատինք Յաջողցնելու Պետական Ամավարկը` Նպատակ Ունենալով Արձանագրել Իսկական Բարեկարգումը» Շեշտեց Պասիլ

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը: Նիստէն ետք Պասիլ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ պէտք է աշխատանք տանիլ յաջողցնելու համար 2019-ի պետական ամավարկը` նպատակ ունենալով արձանագրել իսկական բարեկարգումը: «Մեր միակ յոյսը բարեկարգում պարունակող պետական ամավարկի մշակումն ու վաւերացումն է: Մենք լուրջ ամավարկ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետքննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը երէկ խստիւ դատապարտեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ջուրերուն մօտ նաւթատար նաւերուն դէմ գործուած ահաբեկչական գործողութիւնները: Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին եւ միջազգային ընտանիքին պաշտպանելու համաշխարհային նաւարկութեան ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը: ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Ռայա Հասան Սթոքհոլմի մէջ մասնակցեցաւ «Տագնապներու...

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ  Այլ Նիստ Մը, Իսկ Հանգստեան Կոչուած  Զինուորականները Որոշեցին  Առկախել Իրենց Բողոքի Ցոյցերը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Այլ Նիստ Մը, Իսկ Հանգստեան Կոչուած Զինուորականները Որոշեցին Առկախել Իրենց Բողոքի Ցոյցերը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ շարունակեց 2019-ի պետական ամավարկի քննարկման իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նախարարաց խորհուրդի նիստը սկսաւ կէսօրուան ժամը 12:00-ին եւ աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 5:30-ին: Տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է, որ լիբանանցիներու կեանքին մէջ կարեւորութիւն ներկայացնող ընկերային օժանդակութիւններ տրամադրող հաստատութիւններուն, յատկապէս կրթական եւ բժշկական հաստատութիւններուն պիւտճէն ոչ մէկ ձեւով կրճատուի: «Բայց եւ այնպէս...

Նախագահ Աուն Այսօր Երեկոյեան Իֆթար Մը  Պիտի Սարքէ Ի Պատիւ Իշխանութեան Ու Հոգեւոր  Պետերուն Եւ Երկրին Հեղինակութիւններուն

Նախագահ Աուն Այսօր Երեկոյեան Իֆթար Մը Պիտի Սարքէ Ի Պատիւ Իշխանութեան Ու Հոգեւոր Պետերուն Եւ Երկրին Հեղինակութիւններուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ռամատանի առիթով այսօր երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ պիտի սարքէ իֆթար մը, որուն ներկայ պիտի գտնուին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Սաատ Հարիրի, իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետեր, նախարարներ եւ երեսփոխաններ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ զինուորականներ ու պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Այս առիթով նախագահ Աուն պիտի արտասանէ խօսք մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ լիբանանեան եւ շրջանային...

Պքերքէի Մէջ.   Սֆէյր Պատրիարքի Վախճանումին Առիթով  Ցաւակցութիւնները Կը Շարունակուին

Պքերքէի Մէջ. Սֆէյր Պատրիարքի Վախճանումին Առիթով Ցաւակցութիւնները Կը Շարունակուին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ շարունակեց ընդունիլ Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքի վախճանումին առիթով յայտնուած ցաւակցութիւնները: Այս առիթով Պքերքէ այցելեց Հըզպալլան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտի: Հըզպալլայի անունով Ռայի պատրիարքին ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ շեշտեց, որ Սֆէյր պատրիարքը հոգեւոր մեծ անձնաւորութիւն մըն էր, եւ անոր կորուստով Լիբանանը ներկայացնող վեհ...

Հարիրի Դատապարտեց Քարիւղատար  Նաւերը Հարուածած Ահաբեկչական  Գործողութիւնները

Հարիրի Դատապարտեց Քարիւղատար Նաւերը Հարուածած Ահաբեկչական Գործողութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ խստիւ դատապարտեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ջուրերուն մօտ քարիւղատար նաւերու նաւահանգիստին մէջ գործուած պայթումները: Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ այս նաւահանգիստին մէջ գործուած ահաբեկչական գործողութիւնները վտանգաւոր կը նկատուին, որովհետեւ անոնք ուղղուած են աշխարհի կարեւորագոյն նաւահանգիստներէն մէկուն դէմ: «Ահաբեկչական այս արարքները կը սպառնան համաշխարհային տնտեսական կայունութեան: Անոնք ուղղակի յարձակում կը նկատուին արաբական քոյր երկիրներու, ինչպէս նաեւ արաբական միացեալ ապահովութեան...

Թուրքիոյ Դեսպանը Այցելեց  Այտամուն-Շիխլար Գիւղաքաղաքը

Թուրքիոյ Դեսպանը Այցելեց Այտամուն-Շիխլար Գիւղաքաղաքը

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքան Չաքըլ երէկ այցելեց Այտամուն-Շիխլար գիւղաքաղաքը: Ան շրջանի նախկին քաղաքապետ Քամալ Մաքսուտի բնակարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետներուն եւ քաղաքապետական համադաշնակցութիւններու նախագահներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները, յատկապէս Աքքարի բնակիչներուն առնչուող հարցերը: Չաքըլ շնորհակալութիւն յայտնեց Աքքարի բնակիչներուն` Թուրքիոյ նկատմամբ անոնց ցուցաբերած սիրոյն համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ քաղաքապետներուն եւ քաղաքապետական համադաշնակցութիւններու նախագահներուն, որոնք դատապարտեցին շաբաթներ...

Պասիլ. «Տեղեկութիւններու  Սպրդումներուն Վերջ Պիտի Տանք»

Պասիլ. «Տեղեկութիւններու Սպրդումներուն Վերջ Պիտի Տանք»

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ նախագահեց դիւանագիտական նոր անձնակազմի երդման արարողութեան պաշտօնական հանդիսութեան, որուն ընթացքին ան յայտարարեց, թէ դիւանագիտական անձնակազմին մաս կազմելու նպատակով կատարուած քննութիւններուն յաջողութիւն արձանագրած թեկնածուներուն 70 առ հարիւրը իգական սեռին կը պատկանի: Ան շեշտեց, որ նոր դիւանագէտներուն դերակատարութիւնը կարեւոր է եւ անիկա հիմնուած պիտի ըլլայ արտաքին գործոց նախարարութեան ցուցմունքներուն վրայ` նկատի ունենալով, որ...

Պըրրի Ապպաս Իպրահիմի Հետ Քննարկեց  Երկրին Ապահովական Իրադարձութիւնները

Պըրրի Ապպաս Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պըրրիի այցելեց նաեւ դեղագործներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ղասսան Ամինի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան դեղագործութեան եւ դեղօրայքի քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Պըրրի ընդունեց նաեւ մարոնի համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոսը` ընկերակցութեամբ Կաթողիկէ համայնքի տեղեկատուութեան կեդրոնի...

Լիբանանեան Ազգային Հաշտութեան  Եւ Համերաշխութեան Պատրիարքը Վախճանեցաւ

Լիբանանեան Ազգային Հաշտութեան Եւ Համերաշխութեան Պատրիարքը Վախճանեցաւ

Մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք  Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը երէկ առաւօտեան ժամը 3:00-ին վախճանեցաւ: Ամբողջ դար մը ապրած Սֆէյր պատրիարքին վախճանումին լուրը երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին մնաց տիրական` Պքերքէն դարձնելով ցաւակցութեան կեդրոն մը, իսկ լրատուամիջոցներն ու ընկերային ցանցերը վերածելով ցաւակցութիւն յայտնելու եւ 99-ամեայ վախճանեալ պատրիարքին մասին վկայութիւններ արձանագրելու միջոցներու: Վարչապետին որոշումով երկօրեայ պաշտօնական սուգի օրեր յայտարարուեցան չորեքշաբթի, 15 եւ հինգշաբթի, 16 մայիսը:...

Յ. Բագրատունի. «ՀՅԴ-ն Նախագահ Աունի Դաշնակից  Միակ Ուժն Է: Իսկ Նախագահ Աուն Իր Կեցուածքները  Չէ Փոխած, Ինչպէս Նաեւ Դաշնակցութիւնը»

Յ. Բագրատունի. «ՀՅԴ-ն Նախագահ Աունի Դաշնակից Միակ Ուժն Է: Իսկ Նախագահ Աուն Իր Կեցուածքները Չէ Փոխած, Ինչպէս Նաեւ Դաշնակցութիւնը»

Պասիլ. «Այնճարը Այսօր Կը Մարմնաւորէ Այն Դարպասը, Որ Կ՛առաջնորդէ Դէպի Սուրիոյ Վերակառուցում» ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ինչպէս նաեւ Այնճարի հոգեւորական, մշակութային, տնտեսական եւ ընկերային հեղինակութիւնները, շաբաթ կէսօրէ ետք «Սարգիս Զէյթլեան» Ժողովրդային տան մէջ ընդունեցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, որուն ընկերակցեցան...

Կառավարութիւնը Երէկ Ուշ Գիշերին  Շարունակեց Քննարկել 2019-Ի Պետական Ամավարկը

Կառավարութիւնը Երէկ Ուշ Գիշերին Շարունակեց Քննարկել 2019-Ի Պետական Ամավարկը

Կառավարութիւնը երէկ գիշերուան ժամը 10:00-ին գումարեց 2019-ի պետական ամավարկի քննարկման իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նախարարաց խորհուրդը իր նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով մարոնի համայնքի վախճանեալ նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրի յիշատակը: Առաւօտեան ժամը 1:50 նիստը աւարտեցաւ: Տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ոչ մէկ որոշում տուած է աշխատավարձերու կրճատումներ կատարելու առումով, այլ` կ՛աշխատի նուազեցնել պետական գանձարկղի...

Իր Արգելարանին Մէջ Հասսան Տիքայի Մահը`  Դուռ Կը Բանայ Ամբաստանութիւններու  Եւ Հետաքննութեան

Իր Արգելարանին Մէջ Հասսան Տիքայի Մահը` Դուռ Կը Բանայ Ամբաստանութիւններու Եւ Հետաքննութեան

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ խստիւ դատապարտեց արգելափակեալ Հասսան Թաուֆիք Տիքայի սպանութիւնը բանտին մէջ: Ուահապ նշեց, որ Տիքա արգելարանին մէջ բուռն խոշտանգումի ենթարկուած էր եւ սպաննուած: Այս մասին բողոքեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը, որ դատապարտեց Հասսան Տիքայի սպանութիւնը` ընդգծելով, թէ ի՛նչ որ պատահեցաւ վտանգաւոր նախընթաց մը կը նկատուի եւ պետութեան կողմէ արագ քայլեր կ՛ենթադրէ: Արդարութեան նախարար Ալպեր...

Տաւուշի Մարզպետը Այցելեց Լիբանան

Տաւուշի Մարզպետը Այցելեց Լիբանան

Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան 7-10 մայիսին այցելեց Լիբանան: Այցելութեան ընթացքին Չոպանեան հանդիպումներ ունեցաւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, ինչպէս նաեւ երկրագործութեան նախարար Հասան Լաքքիսի, առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Մանսուր Պթէյշի, ինչպէս նաեւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին Տաւուշի մարզպետը մանրամասնութեամբ ներկայացուց մարզի ենթակառուցուածքներու գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, ներդրումային կարելիութիւններն ու զարգացման ծրագիրները: Տաւուշի մարզպետը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Պեքաայի նահանգապետին հետ:...

Պէյրութի Քաղաքապետը Բարձր Գնահատեց  Լիբանանահայութեան Դերակատարութիւնը`  Քաղաքի Զարգացման Աշխատանքին Առումով

Պէյրութի Քաղաքապետը Բարձր Գնահատեց Լիբանանահայութեան Դերակատարութիւնը` Քաղաքի Զարգացման Աշխատանքին Առումով

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան 8 մայիսին այցելեց Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանիի: Հանդիպումին ընթացքին Իթանի գոհունակութեամբ ընդգծեց երկու մայրաքաղաքներուն` Պէյրութի եւ Երեւանի միջեւ երկու տասնամեակէ աւելի առկայ համագործակցութիւնը, կատարուած աշխատանքներն ու առկայ հեռանկարային ծրագիրները: Պէյրութի քաղաքապետը բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը` քաղաքի զարգացման աշխատանքին առումով: Դեսպան Աթաբէկեան եւ Իթանի միտքեր փոխանակեցին համագործակցութիւնը ընդլայնելու եւ փոխադարձ այցելութիւններ կազմակերպելու վերաբերեալ: Դեսպան Աթաբէկեան...

Կառավարութիւնը Պետական  Ամավարկի Քննարկումի  Շրջագիծին Մէջ Տուաւ Շարք Մը Որոշումներ. Յաջորդ Նիստը` Կիրակի Երեկոյեան

Կառավարութիւնը Պետական Ամավարկի Քննարկումի Շրջագիծին Մէջ Տուաւ Շարք Մը Որոշումներ. Յաջորդ Նիստը` Կիրակի Երեկոյեան

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ շարունակեց գումարել 2019-ի պետական ամավարկի քննարկման իր ընթացիկ նիստերը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Իններորդ նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պետական ամավարկի քննարկման իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ կիրակի երեկոյեան ժամը 9:00-ին: Ժարրահ յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը դրամատնային աւանդներուն վերաբերող տոկոսային համեմատութիւնը կը բարձրացնէ 7-10 առ հարիւրի` երեք տարուան համար: Ժարրահ շեշտեց, որ...

Նախագահ Աուն Իր Այցելուներուն Հետ  Քննարկեց Քաղաքական, Դիւանագիտական,  Տնտեսական, Կրթական Եւ Պետական  Ամավարկին Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Աուն Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Քաղաքական, Դիւանագիտական, Տնտեսական, Կրթական Եւ Պետական Ամավարկին Վերաբերող Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ երեսփոխաններ Նիքոլա Սահնաուին, Իմատ Ուաքիմը, Ֆայսալ Սայեղն ու Թարեք Մերեհպին, որոնց հետ քննարկեց երկրին կրթական ծրագիրը փոփոխութեան ենթարկելու կարելիութիւնները: Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ, որ...

Պըրրի Ընդունեց Պասիլն Ու Քանաանը

Պըրրի Ընդունեց Պասիլն Ու Քանաանը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, նաեւ` 2019-ի պետական ամավարկին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ վաւերացուելիք պետական ամավարկը պիտի ըլլայ սեղմումներով եւ կրճատումներով լեցուն լուրջ ամավարկ մը: Ան հաստատեց, որ իրենք կը գործակցին դուրս գալու համար այնպիսի կացութենէ մը, որ լիբանանցիները փրկուին: «Համախմբուած կերպով աշխատելու...

Իպրահիմ Քուպիչի Հետ Քննարկեց Սուրիացի  Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

Իպրահիմ Քուպիչի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան Թանգարանի կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական օգնական Իան Քուպիչը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի կարեւորութիւնը` Լիբանանի տնտեսական, ընկերային եւ ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու իմաստով:

Պուսթանի. «Համաշխարհային Եւ Գիտական  Ուսումնասիրութիւնները Կը Փաստեն,  Որ Մանսուրիէի Ելեկտրական Բարձր Լարման  Գիծերը Մարդոց Առողջութեան Չեն Վնասեր»

Պուսթանի. «Համաշխարհային Եւ Գիտական Ուսումնասիրութիւնները Կը Փաստեն, Որ Մանսուրիէի Ելեկտրական Բարձր Լարման Գիծերը Մարդոց Առողջութեան Չեն Վնասեր»

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի նախարարութեան կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ համաշխարհային եւ գիտական ուսումնասիրութիւնները կը փաստեն, որ Մանսուրիէի ելեկտրական բարձր լարման գիծերը մարդոց առողջութեան չեն վնասեր: Ան շեշտեց, որ կառավարութեան որոշումն է ելեկտրական բարձր լարման այդ գիծերը պահել Մանսուրիէի մէջ, ինչպէս է պարագան Սուրի, Հերմելի եւ Ֆէյթրունի: Պուսթանի յայտնեց, որ այս նպատակով...

Page 561 of 988 1 … 560 561 562 … 988

Արխիւներ