Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Համեստ Եւ Միջին Դասակարգերուն Աշխատավարձերը Կարմիր Գիծ Են» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Մայիս 16, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Տնտեսական ընկերային խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտի:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ ՀՅԴ-ն ներկայացնող անդամներ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան, որ խորհուրդի Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ չափանիշներու յանձնախումբի նախագահն է եւ Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան, որ խորհուրդի Մարդկային իրաւունքներու եւ բարգաւաճման յանձնախումբի անդամ է:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ բոլոր լիբանանցիները պէտք է որոշ չափով զիջին, սակայն համեստ եւ միջին դասակարգերուն աշխատավարձերը կարմիր գիծ են:

Ան նշեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը պէտք է փոփոխութեան ենթարկէ երկրին մէջ տիրող կացութիւնը` ընդգրկելով տնտեսական-բարգաւաճման բնոյթ, այլապէս` կացութիւնը պիտի չբարելաւուի:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին վախճանումին առիթով:

Հանդիպումէն ետք Պուխարի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութիւնը կը շեշտէ Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին կարեւորութիւնը` Լիբանանի եւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ միասնականութեան իբրեւ  խորհրդանիշ:

Պուխարի նշեց, որ ինք առողջութիւն մաղթած է նախագահ Աունին եւ յաւելեալ կայունութիւն` Լիբանանին:

Ան ըսաւ, թէ Սէուտական Արաբիա իրեն տուած է Պքերքէի մէջ Սֆէյր պատրիարքի յուղարկաւորութեան մասնակցելու պարտականութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց Դրամատուներու քննչական խորհուրդի նախագահ Սամիր Համմուտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Համմուտ յայտնեց, որ օր մը առաջ նախագահական պալատին մէջ ռամատանեան իֆթարին ընթացքին նախագահ Աունի կատարած յայտարարութիւնը լիբանանեան թղթոսկիի մասին, կը հաստատէ, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կայուն վիճակի մէջ է:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի երկրին տնտեսութեան աշխուժացման` յոյս յայտնելով, որ խոստմնալից զբօսաշրջութեան եղանակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ կազի եւ նաւթի պեղումներու մեկնարկը կը դառնան երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու հիմնասիւները:

Համմուտ շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը` պաշտպանելու համար Լիբանանի վարկն ու արժանապատուութիւնը:

«Այսպիսով միայն կարելի պիտի ըլլայ բարելաւել երկրին տնտեսական կացութիւնը, աշխուժացնել դրամատնային մարզի գործունէութիւնը եւ Լիբանանի նկատմամբ վերահաստատել միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը», հաստատեց ան:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Վաղը Պիտի Շարունակէ 2019-ի Պետական Ամավարկի Իր Քննարկումները

Յաջորդը

Սֆէյր Պատրիարքին Ժողովրդային Վերջին Հրաժեշտ` Պուրճ Համուտի Մայրուղիին Վրայ

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?