Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Յորդանանի խորհրդարանի Ա. փոխնախագահ Նասսար Քայսին` ներկայութեամբ արտաքին հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Եասին Ժապերի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու խորհրդարանական գործակցութեան հեռանկարները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր: Քննարկուեցան փտածութեան դէմ պայքարի եւ մարդկային իրաւունքներու գործադրութեան վերաբերող օրէնսդրութիւնները: