Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 18, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Մոհամետ Տաուտ Տաուտի որոշումով այսօր` շաբաթ, 18 մայիս 2019-ին, Պետական թանգարան այցելութիւնը ձրի է` նկատի ունենալով, որ 18 մայիսը կը զուգադիպի Թանգարաններու միջազգային օրուան

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդկային հարցերու գրասենեակի համադրող Ֆիլիփ Լազարինիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի աշխատանքներն ու սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր շեշտեց, որ սեղմումներով լեցուն պետական ամավարկ մը անհրաժեշտութիւն է, սակայն անիկա անբաւարար է, իսկ բարեկարգումը կ՛ամբողջանայ, երբ Լիբանան հաստատութենական պետութեան մը կը վերածուի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն ընդգծեց, որ իրենք կրնան հանդուրժել եւ սպասել պետական ամավարկի վաւերացումին` հաստատելով անոր արդիւնաւէտ ըլլալու կարեւորութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆատի Ալամէ շեշտեց, որ երկրին սահմանագծումին մասին լիբանանեան կեցուածքը միացեալ է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններու բարեկարգումին` հաստատելով նաեւ, որ պէտք է դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութեան մասին մտածել եւ զանոնք անջատել կողմնակալութեան քաղաքականութենէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ 2019-ի պետական ամավարկի գողգոթան մօտիկ ապագային պիտի աւարտի` հաստատելով, որ յուսալքումը արգիլուած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին յայտնեց, որ լիբանանեան եւ սուրիական գործակցութիւն կ՛արձանագրուի, որպէսզի Սուրիոյ մէջ աշխատանքներ ի գործ դրուին` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին նպատակով:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար հաստատեց, որ քաղաքացիին աւուր հացին դպչիլը շատ սուղ կրնայ արժել եւ ընկերային պայթում յառաջացնել:

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբ 2018-ի Պրէօվէի Քննութիւններուն Գերազանց Արդիւնքներ Ապահոված Աշակերտները Գնահատուեցան

Յաջորդը

Պըրրի Քայսիի Հետ Քննարկեց Խորհրդարանական Գործակցութեան Հեռանկարները

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ  Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետարանին Մէջ Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում

January 13, 2026
Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական  50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է
Լիբանանեան

Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական 50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է

January 13, 2026
Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան  Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը
Լիբանանեան

Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.