Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 17, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ նախարարութեան անձնակազմին հետ վերջին անգամ ըլլալով ստուգեց 2019-ի պետական ամավարկի թիւերը, նախքան կառավարութեան գումարելիք այսօր կէսօրուան նիստը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Ռայա Հասան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր կին պէտք է ամրապնդէ իր վստահութիւնը` իր անձին եւ փոփոխութիւն յառաջացնելու իմաստով իր կարողութեան նկատմամբ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ հարցերու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան երէկ յայտնեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան ծախսերու կրճատումը կրնայ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներու հասնիլ, առանց սեղմումի ենթարկելու «Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն պաշտօնէութեան ամսական աշխատավարձերը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը Թաէֆի համաձայնագիրին գործնական կիրարկումն է: Ան հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետեւորդները կը հաւատան Լեռնալիբանանի հաշտութեան, «սակայն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ Լիբանանին վտանգ կը սպառնայ», ըսաւ Համատէ: Ան շեշտեց, որ եթէ Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը մարոնի եկեղեցւոյ պետը մնար, զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ չէր ընտրուեր:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ղազի Արիտի շեշտեց, որ ինք Լիբանանի յառաջիկայ փուլով լաւատես չէ` աւելցնելով, որ ինք Լիբանանի կառավարումէն մտահոգ է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէս յայտնեց, որ կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյրի միջեւ Լեռնալիբանանի հաշտութեան փուլը պատմական է:

Նախորդը

Համազգայինի Առցանց Բեմի Մեկնարկ – www.H-Pem.Com

Յաջորդը

Բանակի Հրամանատարին Միացեալ Նահանգներ Կատարած Պաշտօնական Այցելութիւնը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.